Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը նախանցեալ օր յայտնեց, որ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Քինկզլի Քոման իր ակումբին կողմէ 50 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը փորձերու եկած է իր անձնական «Մերսետես» վաճառանիշով ինքնաշարժով եւ ոչ թէ ակումբին կողմէ տրամադրուած «Օտի» ինքնաշարժով:
Միւնիխեան ակումբին ֆութպոլիստները պէտք է իրենց փորձերուն գան կա՛մ «Օտի» ինքնաշարժով եւ կա՛մ «Վոլվզվակըն Կրուփ»-ի ինքնաշարժներով, ըստ ակումբին հովանաւորող ընկերութեան հետ կնքուած համաձայնագիրին:
Այս օրէնքը նախորդ յունուարին հաստատեց ակումբի թեքնիք տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչ:



