«Սքայ Սփոր Իտալիա» յայտնեց, որ իտալական Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ հրաւիրուեցաւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբ:
39 տարեկան ֆութպոլիստը նկատի առնուեցաւ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Էսթոնիոյ դէմ կատարուելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Ան 2001-2016 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Շուէտի ազգային խումբին եւ 116 մրցումի ընթացքին նշանակած 62 կոլ:



