ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ Սելիմ Պատտուրա պատասխանեց Իսրայէլի ներկայացուցիչին, որ Հըզպալլան ահաբեկիչ կոչած էր:
Պատտուրա ընդգծեց, որ Իսրայէլի ներկայացուցիչին կողմէ Հըզպալլայի ահաբեկիչ կոչուիլը զրպարտութիւն է, իսկ լիբանանցիներուն սպառնալը` Դիմադրութեան հրթիռային համակարգին պատճառով, լիբանանեան հարցերուն միջամտութիւն է, այնպիսի երկրի մը կողմէ, որ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողերը:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչը անցեալ սեպտեմբերին` ՄԱԿ-ի 45-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին հաստատած էր, որ Լիբանան իրաւունք ունի դիմադրելու, իր բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու` ժողովուրդին կամքը ներկայացնող սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն, իսկ Հըզպալլան այդ հաստատութիւններուն անբաժանելի մէկ մասնիկը կը նկատուի:



