Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատի՛ւ` Շուքին Պայքարող Մայրերուն

March 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն.
Յիշելով Մեր Սրտահատորները 1 Մարտ 2021

ՄԱՐՈՒԱ ԱՊՏԱԼԼԱ

Ինչպէ՞ս առանց ուրիշներուն օգնելու կարելի է այս կեանքը ապրիլ: Ինչպէ՞ս պիտանի դառալ մեր ընկերութեան մէջ: Ոչ ոք գիտէ:

Արդարեւ, մայր մը, որ իր զաւակը կռնակին կը կրէր, ազդած էր վրաս: Հաւանաբար ան «ԱՊՈՒՐԻՇ» կ՛ուղղուէր` ջիղերու մասնագէտի քննութեան ներկայացնելու զաւակը: Ազդուած էի այս մօր խօսքերէն, իսկական հերոսուհի մը, որ միաժամանակ շատ լաւ արտայայտած ու ամփոփած էր միւս մայրերուն զգացումները:

Ձեզ կը թողում այս գեղեցիկ խօսքերուն հետ, որոնք պատիւ կը բերեն մայրերուն եւ կը պատասխանեն նախադրուած այս բոլոր հարցերուն.

«Կը տեսնեմ քեզ, երբ զաւակդ դարմանումի կը տանիս, մինչ բարեկամներդ իրենց զաւակները ոտնագնդակի (ֆութպոլ) կամ պարի կը տանին:

«Կը նկատեմ, երբ կը խուսափիս խօսակցութիւններէն, ուր մտերիմներդ իրենց զաւակներուն իրագործումներուն համար զիրար կը շնորհաւորեն:

«Երջանիկ ես իրենց համար, միաժամանակ ձեւով մը անհանգիստ` քու զաւակիդ նկատմամբ իրենց ցուցաբերած անտարբերութենէն, անոր համար ամէն ինչ բարդ է:

«Կը հետեւիմ քեզի, երբ աճպարարի լաւագոյն կարողութեամբդ կը դասաւորես տանդ աշխատանքները եւ շաբաթական բազմաթիւ ժամադրութիւններդ` դարմանումի, բժիշկներու եւ դպրոցի, երբ զաւակդ անհուն բարեբախտութիւնը ունենայ իր կարիքներուն յարմար կեդրոն մը յաճախելու: Կը դիտեմ քեզ, երբ կը դիմակալես անգութ վարչակազմը: Գլուխդ միշտ բարձր, քաջարի՛ մայր:

«Կը տեսնեմ քեզ երկար ժամեր համակարգիչին դիմաց նստած` փնտռտուքներ կը կատարես քու զաւակիդ դարմանումին եւ անոր կարիքներուն վերաբերեալ, կամ` քեզի նման մայրեր որոնելու: Միեւնոյն ատեն` դժբախտութեան եւ զէնքի ընկերուհիներ: Այս բոլորը` հարուածը բարոյապէս կարենալ կրելու նպատակով:

«Կը նկատեմ դէմքիդ տխրութիւնն ու զայրոյթը, երբ մարդիկ ոչինչի մը համար կը գանգատին, երբ դուն անկարող ես կեանքդ կանխատեսել յաջորդ ամիսէն անդին:

«Կը տեսնեմ քեզ, երբ առաւօտուն կանուխ կ՛արթննաս եւ առանց երբեք գանգատելու` մայրական պարտականութեանդ կը լծուիս, հակառակ անոր որ անքուն գիշեր մը եւս անցուցած ես:

«Գիտեմ, որ դուն քեզ անտեսանելի կը զգաս, կարծես ոչ ոք կը տեսնէր քեզ ծածկող, պարուրող ամպերը: Կարծես դուն քու շուքդ ըլլայիր այդքան տարիներու պայքարէ ետք:

«Կը տեսնեմ սակայն, որ ամէն գնով կը շարունակես յառաջ երթալ լեռներ տեղափոխելով` միշտ լաւագոյնը տալու զաւակիդ:

«Այս օրերուն, երբ դուն քեզի հարց կու տաս, թէ արդեօք աւելին կրնա՞ս ընել, պիտի ուզեմ, որ գիտնաս, թէ անմնացորդ սէրը, որ կը տածես զաւակիդ հանդէպ, քու ամենահզօր զէնքդ է, երբ անձդ անոր մարմնացումը հանդիսանայ:

«Այս գրութիւնը տրտունջ մը չէ, այլ յարգանքի տուրք մը` հանդէպ շուքին պայքարող բոլոր մայրերուն, որոնք յատուկ դժուարութիւններ դիմագրաւող զաւակներ ունին, որպէսզի այս զաւակները  արտօնութիւն ունենան գոյութիւն ունենալու վաղը եւս:

——————-

Թարգմանաբար` « Hommage aux mères qui luttent dans l’ombre »
Le Progrès Egyptien, 5 Mars 2019 124e année No 54 www.Progres.net.eg

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

35 Տարիներ Անցած Են… Քայլերգը, Դրօշակն Ու Զէնքը

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.