Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորահայերէնով Ի՞նչ Կը Նշանակէ «Հպարտ»

March 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կիրակի: Համաճարակը անտեսելով` Էլպիս եւ Արմենակ եկան ափսէ մը պոլսական կրծքանուշով, որ Էլպիսի մասնագիտութիւնն է, իսկ բառի հեղինակի իրաւունքը` Արմենակին: Պոլսեցին կ՛ըսէ` «թաւուք կէօքսիւ»: Համադամը Էլպիսին հպարտութիւնն է, հայերէն բառը` Կեդրոնականցիին:

Երբ կը ճաշակէինք կրծքանուշը, Արմենակ խօսեցաւ.

– Մակա՛ր, մեր վարչապետը ամէն առիթով զինք լսողները կը կոչէ հպարտ քաղաքացիներ: Բառը Հայաստան խօսուող եւ գրուող նորահայերէնի մէջ իմա՞ստ փոխած է: Ես ալ հպարտ էի, հիմա մեր քաղաքի տուներուն պատերը եզերելով կը քալեմ, որ չբարեւեմ թաղի Տանիէլը կամ Իվոնը, կը վախնամ, որ խղճալով հարց տան Հայաստանի դժբախտութեան, կորուստներուն եւ պարտութեան մասին:

– Ի՞նչ կը կարծես, որ պէտք է ըսէ վարչապետը, պարտուածնե՞ր, թրջուած հաւե՞ր, զինք կոչեն կապիտուլյանտ, անձնատուր: Արմենա՛կ, քաղաքացիները հպարտ ըլլալու են, քանի որ իրենք չեն պարտուած, կամ չեն անդրադառնար, որ հաւաքաբար պարտուած են:

– Վարչապետը կ՛աղաղակէր, որ ընդհանուր հրամանատար է: Ինչպէ՞ս հպարտ ըլլալ, երբ հայրենիքի հողերը յանձնած է թշնամիին, ապիկար եղած է եւ զոհած` հինգ հազար երիտասարդ, ազգին ժառանգ պիտի ձգէ տասը հազար հաշմանդամ, եւ դեռ, բանաւոր համաձայնութեամբ, կը ծուատեն գիւղ եւ ճանապարհ, աշակերտները դպրոց կ՛երթան` զինուած կանգնած թշնամին տեսնելով: Այս հպարտութի՞ւն է:

– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ հպարտ չըլլայ, երբ քաղաքացիները, հազարներով, իրենց կորսուած հպարտութեամբ կը ծափահարեն: Կ՛ըսեն, թէ մանիպուլացիայով լսող եւ ծափահարող զանգուած կը հաւաքուի, բայց ինչպէ՞ս սփիւռքի աշխարհ, ազատութիւն եւ օրէնք տեսած կոկոզավիզ տիտղոսաւորներ ալ կը ծափահարեն ամենագէտ, առանց ուսադիրի հպարտ հրամանատարը:

– Այդ կ՛ընեն տեղական աթոռ-աթոռակներու համար, որպէսզի իրենց ունեցած-չունեցած հայրենասիրական կուկուլիկուն լսուի:

– Չեմ հասկնար: Անձնատուր եւ պարտուած ոչ մէկ ժողովուրդ հպարտ եղած է: Յաճախ կը կրկնենք, որ այս կամ այն հարցով առաջինը եղած ենք: Հիմա առաջինը պիտի ըլլանք պարտութեամբ հպարտանալու նորոյթը հրամցնելու աշխարհին: Հետեւող անողնայարներ կ՛ըլլա՞ն:

– Արմենա՛կ, մարդիկ անխելք չեն: Կատուին կատու կ՛ըսեն: Գթացողներ կ՛ըլլան, անոնք որքան շատ ըլլան, այնքան կ՛աճի մեր հպարտութիւնը: Աւանդութիւն է:

Մեր հոգին ճմլող դառնահամ զրոյցը կանգ առաւ, երբ Էլպիս եւ Մակարուհի չինական թէյ բերին, եւ պատիւ ըրինք կրծքանուշին:

– Մակա՛ր, վաղը ճամբաները կը բացուին, դրացի չբարեկամներ Հայաստան կու գան եւ կրծքանուշի ծաղարաններ կը բանան, ցուցանակին վրան ալ կը գրեն «թաւուք կէօքսիւ», եւ հայերէնն ալ կը զարգանայ եւ կը յառաջդիմէ նոր բառով մը:

Ժամը 6-էն առաջ տուն պէտք էր հասնէին Արմենակ եւ Էլպիս:

Հպարտութեան մասին մեր փիլիսոփայական միտքերը օդին մէջ մնացին:

7 մարտ 2021

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Հովանաւորէ Զոհուած Հերոսներու Զաւակները

Յաջորդը

Եկեղեցական Մշակութային Ժառանգութեան Սպանդը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.