Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիական նորընտիր կոմիտէն` գլխաւորութեամբ կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կոմիտէի անդամներ Հաշեմ Հայտար, Ժաք Թամեր, Սեմի Քըպլաուի, Ասաատ Նախըլ, Հասսան Ռըսթոմ, Խտըր Մքալլեի եւ Րաֆֆի Մումջողլեան:
Հանդիպումէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ինք ողջունած է Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի այցելութիւնը եւ շնորհաւորած է պատուիրակութեան անդամները Ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած ժողովրդավարական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ նոր կոմիտէի ընտրութեան առիթով:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէին:
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին կոմիտէն ներկայացուցած է մարմնակրթութեան մարզը զարգացնելու իր ծրագիրը, նախարարութեան եւ Ողիմպիական կոմիտէին միջեւ գործակցութիւնը` մէկտեղելու համար մարզական կարողութիւններն ու հմտութիւնները, մշակելու համար միացեալ ծրագիր մը` արտաքին արարողակարգերէ նպաստներ քաղելու նպատակով, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Ողիմպիական խաղերուն Լիբանանի մասնակցութիւնը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ նախարարութեան եւ Ողիմպիական կոմիտէին միջեւ աշխատանքային հանդիպում մը պիտի կայանայ կոմիտէի գործադիր խորհուրդի ընտրութիւնները ամբողջացնելէ ետք:
Իր կարգին, Ժալըխ յայտնեց, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի հետ քննարկած է կոմիտէին եւ նախարարութեան միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` կարենալ բարելաւելու համար երկրին մարզական կեանքը:



