Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը երկիրի ներքին գործն է, Ռուսիան շահագրգռուած է, որ այնտեղի կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:
«Ատիկա կը նկատենք իբրեւ Հայաստանի ներքին գործը: Մենք չենք միջամտեր այն հոլովոյթներուն, որոնք այնտեղ տեղի կ՛ունենան, եւ չենք զօրակցիր ոեւէ մէկուն: Կը ցանկանք, որ իրավիճակը արագ լուծուի, որովհետեւ ատիկա կը բխի մեր բոլորին շահերէն», ըսած է Ռուտենքօ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն, Մոսկուան յոյս ունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը պիտի չսրի:
«Յոյս ունինք, որ գործը ատոր պիտի չհասնի», ըսած է ան` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:



