Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Վարչապետը, Խորհրդարանական Խմբակցութիւններու Ղեկավարները Եւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ղեկավարները Հրաւիրեց Հանդիպումի

March 11, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առկայ իրավիճակը քննարկելու եւ ճգնաժամը յաղթահարելու վերաբերող փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներն եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ղեկավարները հրաւիրեց հանդիպում մը, որ նախատեսուած է 13 մարտ 2021-ին:

Այս առնչութեամբ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկրին մէջ շարունակուող քաղաքական ճգնաժամը կը պահանջէ հրատապ եւ համակարգային փոփոխութիւններ, որոնց կարգին` սահմանադրական եւ օրէնսդրական: Նախագահին համաձայն, բոլոր կողմերն ալ արտայայտեցին իրենց տեսակէտները, սակայն կը բացակայի փոխըմբռնումը, մանաւանդ անհանդուրժողականութեան արտայայտութիւններու լոյսին տակ:

«Կը վերահաստատեմ համոզումս, որ տարաձայնութիւններու կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման միակ ճամբան` բոլորիս եւ իւրաքանչիւրիս ջանքերու եւ կարելիութիւններու համախմբումը», նշուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի յայտարարութեան մէջ:

Նախագահին այս հրաւէրին անդրադարձաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ հարց տուաւ. «Իրենք իրենց սեւ գործը ըրած են, հիմա մեզի ինչ որ քննարկումներո՞ւ կը տանին»:

Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ իրենք հանդիպումներու առումով բարդոյթներ չունին, սակայն հարցը այն է, թէ ինչի՞ մասին պիտի խօսուի: «Եթէ Արմէն Սարգսեան հրաւիրած է Նիկոլը, որ քննարկենք իր հեռացման ճամբու քարտէսը, այդ օրակարգով կարելի է խօսիլ», հաստատեց Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Օնիկ Գասպարեան Իրաւունքի Ուժով Ազատ Կացուցուած Է Իր Պաշտօնէն

Յաջորդը

Ընդդիմութիւնը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ Պահեց Ազգային Ժողովի Բոլոր Մուտքերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.