Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մարոնի պատրիարքութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան երկրորդ յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Սամիր Մազլում եպիսկոպոս եւ Հարես Շեհապ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մոհամետ Սայիտ Խանսա եւ Մուսթաֆա Հաժ Ալի, կայացուց հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած աղէտալի պայմանները:
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները հաստատեցին նոր եւ կարող կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` լուծել կարենալու համար այն հարցերը, որոնց տակ կքած է լիբանանցի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու համար տնտեսական կացութիւնը:
«Միւս կողմէ, քննարկուեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին առաջադրած դրական չէզոքութեան հարցը, որուն վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին հետագային գումարուելիք նիստերուն ընթացքին:
Յանձնախումբին մաս կազմող անդամները բարձր գնահատեցին Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը եւ անդրադարձան պապին ու այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի միջեւ պատմական հանդիպումին, որ իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններուն եւ համերաշխութեան ու համակեցութեան նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերեց», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նշենք, որ Խանսա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ սառոյցներ չկան` աւելցնելով, որ հանդիպումը եղած է դրական:
Ան նշեց, որ Դիմադրութեան զէնքին հարցը չէ քննարկուած` աւելցնելով, որ իրենք կեդրոնացած են կառավարութեան կազմութեան կարեւորութեան եւ դրական չէզոքութեան կեցուածքին վրայ, «որուն մասին խօսելով Պքերքէի ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ Իսրայէլի նկատմամբ չէզոքութիւն չկայ», նշեց Խանսա:



