Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման ոչ մէկ նշոյլի գոյութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ` երկուշաբթի, 8 մարտին, բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան եւ վերածուեցան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ի, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը:
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ, ներքին փողոցներ, հրապարակներ` պահանջելով բարելաւել երկրի պայմանները:
Ցուցարարներէն ոմանք կոչ ուղղեցին իշխանութեան` հեռանալու իրենց պաշտօններէն, պահանջեցին` դատավարութեան ենթարկել զանոնք, ուրիշներ` հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը: Անոնք բողոքեցին սղաճին, աղքատութեան, հետզհետէ վատթարացող տնտեսական կացութեան եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ, երբեմն անդրադառնալով նաեւ քաղաքական եւ ռազմավարական օրակարգերու, ինչպէս` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին զօրակցութիւն եւ արտայայտութիւններ Դիմադրութեան զէնքին դէմ` զայն նկատելով երկրին մէջ ապօրինաբար գործող զէնք:
«Բարկութեան երկուշաբթի»-ին ընթացքին ցուցարարները բախումներ ունեցան լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք կը փորձէին վերաբանալ փակուած ճամբաները:
Այս շրջագիծին մէջ առաւօտ կանուխ հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուեցան Հալպայի եւ Ապտէի հրապարակները, Ուատի Ժամուսը, Մոհամմարան, Պըրժ Արապը, Փալման, Սալամ կամուրջը, Հայքալիէն, Պըտտաուին, Պըհսասը, Թրիփոլիի բոլոր ճամբաները, Շեքքա-Հըրի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Ապա հերթաբար փակուեցան Ժպէյլի, Տորայի, Ժալ էլ Տիպի, Նաամէի, Զուքի, Ղազիրի, Ժիէի, Պարժայի, Աքքարի մայրուղին` աւազապարկերով, Փալմայի մայրուղիին վրայ ցուցարարները քարէ պատ մը հիւսեցին: Փակուեցան նաեւ Շուէյֆաթի ճամբան, Խալտէի, Պաթրունի եւ Տէյր Աամարի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Սայտայի Ռիատ Սոլհ փողոցն ու Սուրի մայրուղին, Ապպասիէի խաչմերուկին կից, ուր երիտասարդ մը փորձեց հրկիզել ինքզինք, սակայն քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս փրկեցին զայն:
Պեքաայի մէջ փակուեցան Զահլէի հրապարակը, Քապ Էլիասը, Ժտիթան, Սաատնայէլը, Մարժը, Ժըպ Ժըննինը, Թաալպայան եւ Շթորան:
Կէսօրէ առաջ կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Ժալ էլ Տիպի, Ժպէյլի եւ Զուքի մէջ ցուցարարները լարեցին վրաններ` հաստատելով, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց բողոքը եւ բնաւ նպատակ չունին հեռանալու այդ շրջաններէն:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Նահատակաց հրապարակն ու Ռինկի կամուրջը, Քոլան, Քասքասը, Պարպիրը, Քորնիշ Մազրաան, Մարզական աւանը, Սելիմ Սլամ, Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող փապուղիները, Անսարի մարզադաշտին մօտ` օդակայանի հին ճամբան, Սինէլ Ֆիլ – Շեւրոլէ փողոցն ու Սայֆին:
Ճամբաներու փակումը հսկայ վնաս հասցուց արդէն իսկ հոգեվարքի մէջ եղող տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ խանգարեց իրենց աշխատավայրերը ուղղուող քաղաքացիներուն երթեւեկը:
Զօր. Աուն. «Ժողովուրդին Նման Բանակայիններն Ալ Կը Տառապին:
Ի՞նչ Կը Մտածէք Ընել Ո՛վ Պատասխանատուներ»
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Եարզէի մէջ նախագահեց բանակի սպայակոյտին եւ զինուորական խորհուրդի անդամներուն նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին իրավիճակը:
Նիստին ընթացքին զօր. Աուն ցուցմունքներ տուաւ ներկայ սպաներուն եւ բարձրաստիճան զինուորականներուն` Լիբանանին դէմ ծառացած տագնապները դիմագրաւելու ծիրին մէջ տարուող գործունէութեան վերաբերող:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցի ժողովուրդին մէկ մասնիկը կը հանդիսանայ եւ անոր նման կը տառապի: Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ քաղաքական տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնն ու հետեւանքները ունեցած է երկրին բոլոր մարզերուն վրայ, յատկապէս տնտեսական մարզին, որուն պատճառով ժողովուրդին աղքատութեան համեմատութիւնը բարձրացաւ, ժողովուրդին դրամատնային հաշիւները կը մնան կալանքի տակ, իսկ աշխատավարձերը կորսնցուցին իրենց գնողական արժէքը, այս շրջագիծին մէջ բանակայինին ամսական աշխատավարձը եւս կորսնցուց իր արժէքը:
Ան հարց տուաւ պատասխանատուներուն` թէ ի՛նչ կը մտածեն կատարել` հաստատելով, որ մէկէ աւելի անգամներ զգուշացուցած են տիրող կացութեան վտանգէն եւ անոր պայթելու հաւանականութենէն:
Զօր. Աուն շեշտեց, թէ բանակը համաձայն է, որ քաղաքացիները իրենց բողոքը խաղաղ կերպով արտայայտեն` սահմանադրական եւ միջազգային օրէնքի չափանիշներուն համաձայն, եւ առանց պետական կամ սեփական կալուածներուն վնաս հասցնելու: «Լիբանանեան բանակը պիտի չարտօնէ, որ երկրին գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հարուածներ ստանան», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին եւ իւրաքանչիւր բանակայինի արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ընթացող քաղաքական եւ տեղեկատուական արշաւներուն նպատակն է բանակին պատկերը աղաւաղել, «սակայն կը վստահեցնենք բոլորին, որ բանակը պիտի չկոտրուի, ոչ ալ անոր կորովը պիտի վնասուի կամ տուժէ: Բայց եւ այնպէս ոմանք իրենց շահերուն համար կը փորձեն հարուածել բանակը, գիտնալով հանդերձ, որ բանակը մասնատելը լիբանանեան գոյացութեան վերջն է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները պիտի կատարէ` աւելցնելով սակայն, որ անոր ուսերուն դրուած ծանր բեռին դիմաց բանակին յատկացուած տարեկան պիւտճէն մնայուն կերպով նուազում կ’արձանագրէ: «Կ’ուզէք ունենալ բանակ մը, որ հզօր կերպով կեցած է իր ոտքերուն վրայ: Բանակին պիւտճէն նուազեցնելու մասին շատ խօսեցանք պատասխանատուներուն հետ, որովհետեւ այդ քայլը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ բանակայինին տրամադրութեան ու կորովին վրայ: Ցաւ ի սիրտ, սակայն, անոնք անտարբեր են, եւ անոնց համար տարբերութիւն չ’ըներ բանակին գործունէութիւնը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց նաեւ, որ բանակէն փախուստ տուող պարագաներ չկան` աւելցնելով, որ 1975-ի փորձառութիւնը բնաւ պիտի չկրկնուի: «Մենք մեր պատասխանատուութիւնը ամենայն համոզումով կը ստանձնենք, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք իր նպատակները իրականացնել` բանակին հաշուոյն», ընդգծեց ան:




