Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ-Արմենիա իր յաջորդ մրցումները պիտի կատարէ` Արմէն Ադամեանի գլխաւորութեամբ, նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
53 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է Ալաշկերտը, Լոռին եւ շարք մը այլ ակումբներ:
Նշուեցաւ, որ սպանացի Տաւիտ Քանփանիա, որ երեւանեան ակումբը կը գլխաւորէ 2020-էն ի վեր, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեց իր պայմանագրութիւնը:
Անոր հետ Արարատ-Արմենիա կատարեց 18 մրցում, արձանագրեց 8 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 6 պարտութիւն:
Արարատ-Արմենիա անոր հետ այս տարեշրջանին եւս, կրկնեց նախորդ տարուան իր յաջողութիւնը` ապահովելով «Եւրոպայի Լիկա»-ի զտումի մրցաշարքի փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:



