Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթանայը:
Ան Ուեհպէին յանձնեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոյի գնահատագիրը, որ կը վերաբերէր Քանատայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին ջանքերուն եւ երկրին բարգաւաճման իմաստով անոնց բերած նպաստին ու յաջողութիւններուն:
Ուեհպէ մաղթեց, որ Քանատա դիւրութիւններ ընծայէ լիբանանեան ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերու արտածուող արտադրութիւններուն:
Նշենք, որ Ուեհպէ 25 մարտ 2021-ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ Մարք Կառնոյի հետ:



