Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դահուկարշաւի կեդրոններուն մէջ պարզուած իրավիճակին հետեւելէ ետք նախարարութիւնը կու գայ հաստատելու, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարած է դահուկարշաւի կեդրոնները մարզիկներուն եւ դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ու անոր ակումբներուն դիմաց բանալու, որպէսզի անոնք կարենան ամբողջացնել իրենց տեղական եւ արտաքին յանձնառութիւնները` զուտ մարզական առումով:
«Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ ինք կը վստահի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ու անոր ակումբներուն ու մարզիկներուն յանձնառութեան` ինչ կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրին նախազգուշութիւններուն: Իսկ դահուկարշաւի կեդրոններուն մէջ արձանագրուած քաղաքացիական օրինազանցութիւնները, ապա անոնք ոչ մէկ կապ ունին մարզական ֆետերասիոններուն եւ ակումբներուն հետ, այլ` ուղղակիօրէն կապուած են զբօսաշրջութեան նախարարութեան, զբօսաշրջական ոստիկանութեան եւ ապահովութեան ուժերուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:



