Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սօսի Տէմիրճեան` Կամաւոր Աշխատանքին Հաւատացողը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

March 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարի մը անցաւ, բայց այս  «Քորոնա»-ի համաճարակը չվերացաւ, չանհետացաւ. ըստ երեւոյթին, տակաւին երկար ալ պիտի մնայ: Այս ահաւոր ժահրը աջ ու ձախ մահ սփռեց, հարազատներ իրարմէ հեռացուց, անմարդկային կացութիւն մը ստեղծեց` «հեռուից հեռու»: Ամէն ինչ կրճատուած է` ուրախութիւնները, տխուր առիթները, հիւանդի այցելութիւնը, տօնական օրերը, ամէ՛ն ինչ:

Քառասուն օրեր առաջ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղը կորսնցուց իր գործունեայ անդամներէն, նախկին վարչական` Սօսի Տէմիրճեանը:  Զինք կը տեսնէինք միշտ  առոյգ եւ կայտառ վիճակի մէջ: Փոքրին հետ` փոքր, մեծին հետ` մեծ, ժպտերես, պարտաճանաչ, գործերը լիուլի կատարող: Ձեռնարկներուն` միշտ ներկա՛՛յ, հարկ եղած պարագային, ճաշերու պատրաստութեան համար ալ ձեռք երկարող: Մեզի կ՛ըսէր. «Մենք չենք կրնար նստիլ, պէտք է աշխատինք, վարժուած չենք նստելու»: Իրապէս ալ այդպէս էր:

Ընկերուհի Սօսի գնահատող էր, տարեկան տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք անպայման իր գնահատականը կու տար: Գիտէր իմաստը կամաւոր աշխատանքին, անոր համար ալ միշտ կը գովէր վարչութեան տարած աշխատանքը, կը քաջալերէր անդամները: Իր անհանգիստ վիճակին մէջ իսկ ժողովներէն եւ ձեռնարկներէն կը փորձէր չբացակայիլ: Զոհողութիւնը իր բնազդին մէջ էր, անոր համար ալ անդամակցած էր թաղիս`Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան` որպէս անդամ, նոյնպէս ծառայելով եկեղեցւոյ: Յատկանշական էր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով մատաղի պատրաստութեան ժամանակ իր ներկայութիւնը` հինէն նորէն իր զուարճալի պատմութիւններով համեմուած: Ո՜վ չի յիշեր անոր պատրաստած ճիտապուրը, զոր անձամբ  կ՛եփէր եւ, տիկինները իր տունը հրաւիրելով, կը հրամցնէր. ասիկա ամէն տարի մատաղի պատրաստութենէն ետք անոր մնայուն սովորութիւնն էր:

Վերջին ամիսներուն անոր առողջական վիճակը աւելի վատացաւ, իսկ երբ «Քորոնա» ժահրով վարակուեցաւ, այլեւս անոր մարմինը չդիմացաւ, չկրցաւ դիմադրել, եւ ընկերուհի Սօսին բոլորէն առյաւէտ հրաժեշտ առնելով` հեռացաւ:

Մեզմէ յաւերժ բաժանումդ անակնկալ էր ընկերուհի՛, կարծեցինք պիտի վերադառնաս ինչպէս միշտ, բայց մահը այս անգամ վերջնականապէս խլեց քեզ մեզմէ, ինչ դաժան եւ անողոք է այս իրականութիւնը:

Պիտի կարօտնանք ժպտուն դէմքդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի՛ ընկերուհի Սօսի:

 «ԼՕԽ»-Ի «ՀԱՅԱՇԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Նախորդը

Ֆիմի Աղասարգիսեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Սխալ Մարդը…

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.