Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Ռուսիոյ Դէմ Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցները Կը Նկատէ «Կատաղի Ռուսատեացութիւն»

March 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը հիմնուած է «կատաղի ռուսատեացութեան» վրայ. Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով` Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը կ՛ուզեն ուշադրութիւնը շեղել իրենց սեփական խնդիրներէն: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ասիկա Եւրոպական Միութեան հետ տեսակ  մը գրեթէ-դաշինք է, որուն ետին կատաղի ռուսատեացութենէն բացի ոչինչ կայ: Դաշինքները պէտք է ուղղուած ըլլան կառուցողական, դրական հարցերու լուծման եւ ոչ թէ հողմաղացներու հետ անվերջ պայքարին», ըսած է Զախարովա:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու խնդիրն է ստեղծել որոշակի պատկեր, որ անոնց պիտի արտօնէ իրենք զիրենք կոչել «քիմիական զինաթափման ոլորտին մէջ արդարութեան մարտիկ»:

Ըստ անոր, այդ շղթայի լրացուցիչ տարրը բազմակողմանիութիւնն է, «որուն համար այժմ կը պաշտպանեն Միացեալ Նահանգները»` Եւրոպական Միութեան հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ նման արշաւներու մասերէն մէկը, որ կը ներառէ նաեւ հակառուսական նոր պատժամիջոցները, Ուաշինկթընի ցանկութիւնն է` «ուշադրութիւն շեղելու սեփական խնդիրներէն»: Նման երկընտրանքները, ըստ Զախարովայի, ի յայտ եկած են նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ զանգուածային պատուաստումներու հարցին մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար համաձայնութեան գալ միասնական մօտեցումի շուրջ, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է ներդրել պատուաստումներու անձնագիրներ, անոնք ինչպէ՞ս կրնան համատեղուիլ մարդու իրաւունքներու, տեղաշարժի ազատութեան իրենց սեփական հայեցակարգին հետ», նշած է Զախարովա:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էին ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով ռուս պաշտօնատարներու եւ ռուսական կազմակերպութիւններու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին:

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատումը երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ քանդիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

 

 

Նախորդը

Զուիցերիան Կ՛աջակցի Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման` Համաձայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Առաջարկած «3+3» Հարթակը Կրնայ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.