Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

March 3, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ելեւմտական կացութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի շարունակեց հետեւիլ իսրայէլեան սպրդած նաւթին պատճառով Նաքուրայէն Պէյրութ ծովափի ապականումին, որ կենսոլորտային աղէտ մը կը նկատուի:

Այս նպատակով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի հետ եւ անկէ խնդրեց արագացնել վնասներու գնահատման աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց ապրուստը ծովէն շահող ձկնորսները հատուցել:

Այս առիթով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզայի հետ` իմանալու համար ծովափի ապականումի մաքրութեան աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Պըրրի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դէմ բողոքելու պահանջը` ընդգծելով, որ Իսրայէլ պէտք է պատասխանատու նկատուի լիբանանեան ծովափը ապականելու իր այս արարքին համար:

Յետմիջօրէին արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը ՄԱԿ-ը տեղեակ պահած է Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան ծովափը ապականելու թղթածրարին մասին:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալի կենսոլորտային այս աղէտին մասին ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացուցած է` հաստատելով, որ այդ ապականումին մաքրութիւնը կրնայ տարիներ տեւել:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ թեքնիք օժանդակութիւն պահանջած` կենսոլորտային վնասները մաքրելու եւ հատուցելու իմաստով:

Ուեհպէ ընդգծած է նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ հետաքննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` իմանալու համար իսրայէլեան նաւթը լիբանանեան ջուրերուն մէջ թափելու դրդապատճառներուն մասին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շինքըր. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Անտարբերութեամբ Վարուեցան Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Բանակցութիւններուն Նկատմամբ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.