Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուտը, Ստախօսը Եւ Միւսները

February 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

«Մարդիկ սուտ չեն խօսիր այնքան շատ, որքան` որսորդութենէ ետք, պատերազմի ընթացքին ու ընտրութիւններէն առաջ»:

Օ. Վ. ՊԻՍՄԱՐՔ

Թէ որքա՛ն եւ ի՛նչ բովանդակութեամբ սուտեր կը խօսուին աշխարհի տարածքին, պատերազմներու ընթացքին եւ ընտրութիւններէն առաջ, այնքան ալ ծանօթ չեն մեզի, սակայն Լիբանանի եւ Հայաստանի պարագային կրնանք վկայել, որ այդ «սուտերը» ոչ միայն եղած են առատ ու բազմատեսակ, այլ նաեւ «մասնագիտական» բնոյթ կը կրեն ու քաղաքականօրէն ժողովուրդը խաբելու յատուկ միտուածութիւն ունին:

Իբր թէ մեծն Լենինը իր գործընկերներուն կը յանձնարարէր. «Դուք սուտը խօսեցէք, մինչեւ որ բացայայտուի, ան իր աւերը գործած կ՛ըլլայ արդէն…»: Հայաստանի թէ Լիբանանի իշխանութիւնները ոչ միայն «պատերազմի ընթացքին ու ընտրութիւններէն առաջ» կիրարկեցին այս «յանձնառութիւնը», այլ նաեւ կրցան խաբել ժողովուրդն ու տիրանալ իշխանութեան… Շատ չանցած, սակայն, ժողովուրդի գիտակից տարրը սկսաւ անդրադառնալ, որ այդ լորձնաշուրթն խոստումները պարզապէս «ընտրակաշառք»-ի ամէնէն անազնիւ տեսակն էին եւ ոչ աւելին: Անոնք աթոռին նստելէն անմիջապէս ետք, քայլ առ քայլ, մէկ կողմէ սկսան ամրացնել իրենց աթոռներուն պտուտակները եւ միւս կողմէ` կազմաքանդել պետական կառոյցները` սկսելով  մշակոյթէն ու կրթութենէն մինչեւ տնտեսական ու ռազմական հաստատութիւնները: Հակառակ անոր որ հետեւանքները յստակ են ու մեկին, անոնք ոչ միայն կը շարունակեն իրենց անմարդկային ծրագիրները իրականացնել, այլ նաեւ նոր ու մտածուած սուտերով կը ճգնին ապակողմնորոշել այն ժողովուրդը, որ արդէն իսկ բազմիցս խաբուած ու հիասթափուած է իրենցմէ:

Անմարդկային բառը յատուկ կը նշենք, որովհետեւ անոնք թէեւ տեսականօրէն կ՛ընդունին արեւմտեան արժէքներու համամարդկային սկզբունքներն ու պատրաստ են պաշտպանելու «մարդու իրաւունքները», սակայն կը գործեն ժողովուրդի շահերուն հակառակ եւ ի պաշտպանութիւն իրենց անձնական ու հատուածական շահերուն:

Այնքան շատ ու այնքան այլանդակ սուտեր հրապարակուեցան ու գրառումներ եղան, որ ֆէյսպուքեան էջերն ու առհասարակ լրատուամիջոցները իրենց ազդեցութիւնը կորսնցուցած կը թուին ըլլալ հանրային կարծիքին վրայ: Այո՛, շա՜տ շատեր զզուած սուտերու առատութենէն, անմակարդակ բամբասանքներէն ու սին զրպարտութիւններէն, ոչ միայն հրաժարած են ու կը շարունակեն հրաժարիլ ֆէյսպուքեան էջերէն ու առհասարակ համացանցային լուրերէն, այլ նաեւ… վարձկան լրատուամիջոցներէն:

Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Լիբանանի թէ Հայաստանի ժողովուրդները սկսած են դիմադրողականութիւն ձեռք բերել ֆէյսպուքեան եւ ընդհանրապէս նման լրատուամիջոցներու նկատմամբ: Այս մէկը թէեւ դրական ու քաջալերական կը թուի ըլլալ, այնուամենայնիւ ունի նաեւ իր ժխտական կողմը: Ժողովուրդին մէկ մասը, հիասթափուած իշխանութիւններէն, սկսած է լքել իր պապենական հայրենիքը` զայն համարելով գրաւուած թշնամիներու կողմէ: Ուրիշներ տակաւին միամտաբար յոյսը դրած են օտարներու վրայ` զայն համարելով չարեաց փոքրագոյնը:

Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին նաեւ պատկառելի թիւով զանգուածներ, յատկապէս` մարդասիրական գաղափարներով տոգորուած հայրենասէր տարրեր, որոնք գիտակցելով ու ըմբռնելով տիրող իրավիճակի խիստ ճակատագրական բնոյթն ու բարդութիւնը, կը մնան ու գործնապէս կը մասնակցին (Լիբանանի թէ Հայաստանի մէջ) ազգի ու հայրենիքի փրկութեան պայքարին: Մեր օրերուն զոյգ երկիրներու իշխանութիւններուն առաջնային գերխնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս ընդդիմութիւնը պառակտեն ու չէզոքացնեն: Մնացած հարցերով հետաքրքրուած են այնքան, որքան անոնք կը նպաստեն իրենց բարոյալքուած վարկի բարելաւման ու խարխլած իշխանութեան երկարաձգման: Անոնք չեն վարանիր նոյնի՛սկ ազատութեան պիտակի տակ սանձել լրագրողներու ազատ խօսքի իրաւունքը, որ ոեւէ քաղաքացիի ազատօրէն արտայայտուելու անբեկանելի իրաւունքն է:

Այնուամենայնիւ,այս պարագային, ամենամտահոգիչն ու վտանգաւորը այն է, որ անոնք կը շարունակեն ապօրինաբար օրինականացնել բռնատիրութիւնը, նախ ճնշելու համար ժողովուրդի արդար ընդվզումները եւ ապա փրկելու համար իրենց դիւրաբեկ ու նեխած մորթը: Արդեօք ասոնք իրապէս տեղեակ չե՞ն, որ

«բռնատիրութիւնը» պումերանկի նման է, ու ի վերջոյ իրենց կը վերադառնայ: Թէեւ պատմութեան մէջ օրինակները շատ են, սակայն քանի որ ասոնց յիշողութիւնը թոյլ կը թուի ըլլալ, աւելորդ պիտի չըլլայ յիշեցնել, որ Ստալինն ու Բերիան իրենց գործընկերներուն իսկ որոշումով ու գործադրումով ոչնչացուեցան: Անուար Սատաթը իր իսկ թիկնապահները սպաննեցին: Յուսամ չեն մոռցած նաեւ, թէ ինչպէ՛ս մօտիկ անցեալին Քազաֆիի եւ Սատտամ Հիւսէյնի նման բռնատէրեր, ինչպէս ու որքան վարկաբեկիչ ու անփառունակ կերպով պատասխան տուին այն ժողովրդական «ամբոխներուն», որոնք անցեալին վստահեցան ու նստեցուցին զիրենք ղեկավարի աթոռին: Միայն թէ չկարծէք, որ այս ֆէյսպուքեան վարչապետին կ՛ուզենք համեմատել վերոյիշեալ բռնապետներու հետ: Քա՛ւ լիցի, նման «չարամտութիւն» չեն պարունակեր մեր յիշեցումները: Նման միտք չենք ալ կրնար ունենալ, որովհետեւ իր ձախաւերութիւններով հպարտացող Հայաստանի վարչապետը ընդամէնը կարեկցանքի արժանի, դուրսէն նշանակուած ըլլալու եւ գաւառական ձախողած «բռնատէրիկ»-ի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ…

Այլ հանրահռչակ բռնատէր մը` Ատոլֆ Հիթլերը կը պատգամէր իր հպատակներուն. «Եթէ անհաւատալի մեծ սուտ մը շարունակես յաճախ կրկնել, ան հաւաստի կը դառնայ»: Որքան ալ Լիբանանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակեն հետեւիլ Ա. Հիթլերի յայտնի պատգամին ու իրենց նախկին սուտերը քողարկելու համար աւելի մեծ սուտեր յօրինեն ու անընդհատ կրկնեն, անոնք այլեւս չեն կրնար  ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ ու շարունակ խաբել… Ի վերջոյ ժողովրդական իմաստութիւնը կը յուշէ, թէ` «Որքան մեծ ըլլայ սուտը, այնքան արագ կը բացայայտուի»: Այս դառն փորձութիւններէն ետք ժողովուրդը իրազեկ է արդէն ճշմարտութեան ու կրնայ անաչարօրէն դատել, եզրակացնել ու ըստ այնմ… գործել:

Այո՛, ազգային աւերներու, տիրող անիշխանական վիճակի ու մանաւա՛նդ ժողովուրդի արդար բողոքներու հանդէպ իրենց ցուցաբերած անտարբերութիւնը, սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած արդարացումներն ու անհիմն ամբաստանութիւնները, անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, թէ այն, ինչ որ թշնամիները չկրցան ու չեն կրնար ընել դուրսէն, Հայաստանի եւ Լիբանանի իշխանութիւնները ըրին ու կը շարունակեն ընել` ներսէն… Գիտէք` հոգեբանները կ՛ըսեն, թէ կան ղեկավարներ, որոնք իրենց իշխանութիւնն ու խարխլած աթոռը պահելու համար հաճոյքով կը քծնին վերադասներուն առջեւ եւ կը ստիպեն, որ իրենց ստորադասներն ալ նոյնը ընեն իրենց: Այս պատճառով ալ հանրութեան համար տակաւին յստակ չէ, թէ անոնք իրապէս հլու ու հնազանդ ոչխարնե՞ր են, թէ՞ ոչխարի մորթի տակ թաքնուած «Գորշ գայլեր»: Գուցէ՞ թէ՛ մէկը եւ թէ միւսը, դժուար է որոշել…

Թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի տարածքներուն տեղի ունեցող բողոքի ելոյթները սկսած են ստանալ ժողովրդական ցասման բնոյթ եւ հասած են վտանգաւոր ու մտահոգիչ փուլի: Դուք կրնաք չհաւատալ «Ահեղ Դատաստանին», սակայն չէք կրնար նկատի չառնել ու չհաւատալ «ժողովրդային ցասման դատաստանին», որ իր բազում օրինակներով իր ուժը զգացնել տուած է պատմութեան ողջ ընթացքին…

Կայ նաեւ մետալին միւս երեսը: Ընթերցողներէս շատեր հարց կու տան, թէ ի՞նչ է ելքը:

Սիրելի՛ ընթերցող, անգամ մը եւս խոստովանիմ, որ ես անզօր եմ այս հարցին պատասխանելու: Սակայն կան մաքուր անցեալ ու փորձառու անձնաւորութիւններ, որոնք ի վիճակի են ելքը գտնելու եւ լուծումներ առաջարկելու: Ինչպէս` նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ու հմուտ դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան, վաստակաւոր քաղաքական գործիչ ու հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի պաշտօնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, կայացած գրող եւ միջազգայնօրէն յաջողած տնտեսագէտ Վահան Զանոյեան, Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէի  իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար եւ անաչար հրապարակախօս Աւետիք Իշխանեան, ազգի ու հայրենիքի շահերու պաշտպան եւ հանրայայտ լրագրող Աբրահամ Գասպարեան, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր ու գնահատուած հրապարակախօս` Արմէն Այվազեանեանն ու շա՜տ շատեր…

Այնպէս որ, ելքը կայ եւ ուշ կամ կանուխ, կամայ ակամայ յանցագործները պիտի կանգնին ժողովրդական դատաստանի դիմաց:

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեան. Քաղաքական Եւ Հասարակական Գործիչ

Յաջորդը

Անշահախնդիր Ու Առաքինի ՀՄԸՄ-ականի Յիշատակին (Յովսէփ Մարգարեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.