Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ իր երկիրը դէմ է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղակայման` նշելով, որ երկու երկիրներուն հետ կապերու հարցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան մօտեցումը սխալ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահւալ»¬ը:
Թուրքիան զօրքեր ուղարկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային տարածքներ` քիւրտ զինեալներուն դէմ պայքարելու եւ սուրիական ընդդիմութիւնը ուժեղացնելու նպատակով: Թուրքիան կը պատրաստուի երկու երկիրներուն մէջ ալ ռազմակայաններ հիմնելու` հակառակ իրենց տարածքները խախտելու վերաբերեալ Պաղտատի եւ Դամասկոսի քննադատութեան:
«Մենք կը մերժենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներկայութիւնը, եւ Դամասկոսի ու Պաղտատի նկատմամբ Անգարայի քաղաքականութիւնը կը նկատենք սխալ», ըսած է Զարիֆ:
Զարիֆի յայտարարութիւնը յաջորդած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռուհանիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուած է անվտանգութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը:
Ռուհանիի հետ զրոյցի ընթացքին Էրտողան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ջնջեն Իրանի դէմ պատժամիջոցները:



