Թուրքիոյ հետախուզական եւ հորատման նաւատորմիղը շուտով պիտի հասնի վեցի: Շատ աւելի շահաւէտ է ինքնուրոյն գնել նաւեր եւ հետախուզական աշխատանքներ կատարել խոստմնալից ծովափէն անդին հանքավայրերու մէջ, քան դիմել արտասահմանեան նաւթակազային ընկերութիւններու ծառայութեան: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Իզմիր նահանգին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակի համագումարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Ըստ Թուրքիոյ ղեկավարին, Անգարան նախապէս համաձայնագիրներ կնքած է «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ի եւ «Շեւրոն»-ի հետ Սեւ ծովուն մէջ հետախուզական աշխատանքներու վերաբերեալ: «Սակայն շուտով յստակ դարձաւ, որ շատ աւելի շահաւէտ է նաւեր գնել եւ մեր կողմէ հետախուզական աշխատանքներ կատարել», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ վերջին տարիներուն Թուրքիան զգալի յառաջընթաց արձանագրած է տնտեսական բնագաւառին մէջ, ներառեալ ուժանիւթային ոլորտը:
«2003-ին, երբ ես իշխանութեան եկայ, Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստները 27,5 միլիառ տոլար էին: Այսօր այդ ցուցանիշը 95 միլիառ տոլար է», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով, որ այսօր Թուրքիոյ` Միջազգային դրամական ֆոնտին պարտքը զերօ է:



