Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ոստիկանները Պէտք Է Կանգնին Ժողովուրդի Կողքին»

February 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկաւ տեսաուղերձով:

«Նիկոլ, դուն մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ կը պտտէիր հեծանիւով, ո՛վ ամբոխավար, քարոզչութիւն կը կատարէիր, կ՛ըսէիր` ժողովուրդին  վարչապետն ես, իսկ այսօր մայրաքաղաքին մէջ կը շրջիս զօրքով, 3-4 հազար ոստիկաններով, ես կը խոստանամ` մենք քեզի թոյլ պիտի չտանք  Հայաստանի մէջ հաստատես բռնատիրութիւն, դուն օր ու արեւ պիտի չտեսնես, դուն պէտք է հեռանաս իշխանութենէն, քանի որ հեռացումէդ ետք մենք կրնանք փրկել մեր երկիրը», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ ոստիկանութեան համար կոչով հանդէս եկաւ` ըսելով, որ ոստիկանները պէտք է կանգնին ժողովուրդի կողքին եւ չկատարեն վարչապետին հրամանները:

«Խօսքս կ՛ուղղեմ ոստիկանութեան: Դուք ձեզի պահեցէ՛ք սպայի պէս, մի՛ կատարէք այդ խելագարին ապօրինի որոշումները, դուք վաղուց անցած էք կարմիր գիծերը, բոլորիդ կը ճանչնանք, եւ բոլորդ պատասխան պիտի տաք, կանգնեցէ՛ք ժողովուրդի կողքին: Մենք բոլորս այսօր ունինք մէկ գլխաւոր խնդիր` երկրի վարչապետի աթոռը զաւթած այս խելագարը միասին հեռացնելու այս իշխանութենէն», ըսաւ ան:

Իսկ Հայաստանի կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Քանի ես կը շնչեմ` կա՛մ բանտ, կա՛մ ազատութիւն»:

Տասնեակ ոստիկաններ շրջապատեցին Իշխան Սաղաթէլեանը եւ, բռնի ուժ կիրարկելով, փորձեցին բերման ենթարկել: ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի ղեկավարը, սակայն, դուրս եկաւ ոստիկաններու շրջափակումէն:

Իշխան Սաղաթէլեանի դէմքէն արիւն կը հոսէր ոստիկաններու հարուածներէն:

«Ոչ մէկ վնասուածք ստացած եմ, գլուխները պատին տուած են, ասիկա խուժանութիւն է, ասոնք թուրք են, ասոնք հայ չեն: Թող երթային թուրքերուն դէմ կռուէին, ոչ թէ սեփական ժողովուրդին: Ես կը խոստանամ` Նիկոլին օր ու արեւ պիտի չտամ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Բոլոր յանցագործները պատասխան պիտի տան, Նիկոլը տուն պիտի երթայ, որ այս երկիրը պիտի փրկենք այս բռնապետութենէն», ըսաւ Սաղաթէլեան:

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւն. «Կանխեցէ՛ք Պետական Ահաբեկչութիւնը»

Յաջորդը

Ոստիկանութիւնը Չափազանցուած Բռնի Ուժ Կիրարկեց Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցուցարարներուն Դէմ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.