Արեւելքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրի «Վատիկան նիուզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը 5-8 մարտ 2021 պիտի այցելէ Իրաք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն հետ:
Սանտրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապի Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատգամի երկիր է, ուր համերաշխութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը կը մնան տիրական:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ եւ նախկին նախարար Մանսուր Պըթէյշ, երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի, որուն յանձնեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն նամակ մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին արտասանած խօսքին մանրամասնութիւնները:
Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը Սփիթերիին յայտնեց իր գոհունակութիւնը պապին կողմէ Լիբանանի գոյութեան եւ միասնականութեան հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեան մասին:
Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութիւն պլոքէն պատուիրակութիւն մը այսօր, ժամը 11:00-ին պիտի այցելէ Պքերքէ` զօրակցելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն, Լիբանանը միջազգային եւ շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու անոր տեսակէտին, ինչպէս նաեւ զօրակցելու ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանի տագնապին լուծման համար միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու անոր պահանջին:



