Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագիրներու Սենտիքային Մէջ Կուսակցութիւններու Տեղեկատուական Գրասենեակներու Պատասխանատուներու Հանդիպում

February 20, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագիրներու սենտիքային հրաւէրով երէկ սենտիքայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 լիբանանեան կուսակցութիւններու տեղեկատուական գրասենեակներու պատասխանատուները:

ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ այս ժողովին մասնակցեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող միացեալ օրէնք մը վաւերացնելու թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ այդ օրինագիծը տարբեր խորհրդարանական յանձնախումբերու կողմէ քննարկուած է եւ կը սպասուի զայն խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին ներկայացնել` վերջնական վաւերացումի նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ կուսակցութիւնները սեփականատէրերն են գրաւոր մամուլին, լսատեսողական լրատուամիջոցներուն, կայքերուն եւ ելեկտրոնային տեղեկատուական մարզին, հետեւաբար անոնք մեծ դերակատարութիւն ունին հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ անոր ուղղութիւնը ճշդելու մէջ:

Ան կոչ ուղղեց կազմակերպելու այս մարզը` պայմանով որ տեղեկատուական մարզը պահպանէ Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած ազատութիւնը, որուն գործադրութեան երաշխիքն է ժողովրդավարութիւնը:

Հանդիպումին մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցին տեղեկատուութեան մարզին եւ անոր հաստատութիւններուն ու աշխատանքին վերադարձնելու իր կշիռը, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելու, որ կարելի ըլլայ որդեգրել տեղեկատուութեան միացեալ, ընդհանուր եւ արդիական օրէնք մը, որ կարելի չէ մասնատել:

Ներկաները կոչ ուղղեցին, որ նման օրէնք մը վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ` ընդգծելով տեղեկատուութեան մարզին մէջ ազատութեան սկզբունքին կառչածութիւնը` ընդդիմանալով այդ մարզը կաշկանդելու որեւէ փորձի դէմ, ինչպէս նաեւ մերժելով ազատութեան սկզբունքին հակադրուող որեւէ այլ առաջարկ:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ տարբեր արհեստներու սենտիքաներուն եւ կուսակցութիւններու տեղեկատուական գրասենեակներուն միջեւ գործակցութիւն ծաւալի` վաւերացուելիք այդ օրէնքին նկատմամբ:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հարիրի Հանդիպեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգ Իշխանին Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.