Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

February 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ չորեքշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Նեթանիահու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «շատ բարեկամական ու ջերմ էր, եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւեց»:

Իսրայէլի վարչապետը թուիթըրեան երկրորդ գրառումի մը մէջ անդրադարձաւ Պայտընի հետ իր  անձնական յարաբերութեան, «որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի»` աւելցնելով, որ իրենք միասնաբար պիտի աշխատին` ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տոկուն դաշինքը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Պայտընի հետ քննարկած են խաղաղութեան համաձայնութիւնները յառաջ մղել շարունակելը, «իրանեան սպառնալիքը, շրջանային մարտահրաւէրները», ինչպէս նաեւ համաձայնած են իրենց միջեւ երկխօսութիւնը շարունակել: Նեթանիահու նաեւ նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն համար շնորհաւորած է Պայտընը:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ Պայտըն մտադիր է շուտով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ Իսրայէլի վարչապետին հետ:

Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Պայտըն չորեքշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է արաբական երկիրներու հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկած է շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

«Նախագահը ընդգծած է արաբական երկիրներու հետ հրէական պետութեան յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտած է ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատանքի կարեւորութիւնը, մանաւանդ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Կը նշուի նաեւ. «Ղեկավարները քննարկած են շրջանային անվտանգութեան, ներառեալ Իրանի շուրջ հետագայ սերտ խորհրդակցութիւններու կարեւորութիւնը»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Պայտընի շրջապատի անձերը չեն մոռցած անոր իբրեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին պատահածը, երբ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցման մասին յայտարարութեան պատճառով նեղ կացութեան մատնուած է, ինչպէս նաեւ զայրոյթ գոյութիւն ունի Նեթանիահուի նկատմամբ` Թրամփի հետ անոր դաշնակցութեան եւ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ Նեթանիահուի միջամտութեան պատճառով:

Իսրայէլի զինուորական տեղեկահաւաքի բաժինի նախկին ղեկավար Ամոս Եիտլին Պայտընի` Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալու ուշացումին մասին խօսելով ըսաւ. «Նեթանիահու 2015-ին Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած խօսքէն ի վեր Դեմոկրատական կուսակցութեան մօտ համակրանք չի վայելեր»:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի նախկին դեսպան Տանի Տանոն դիւանագիտական հազուադէպ քայլով մը հրապարակեց Նեթանիահուի հեռաձայնային թիւը` Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ուղղելով` անոր հեռաձայնելու:

 

Նախորդը

Փենթակոնի Ղեկավարը ՕԹԱՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Հետ Քննարկած Է «Ռուսիոյ Հակազդելու Անհրաժեշտութիւնը»

Յաջորդը

Պեն Շապաթ Մոսկուայէն Թել Աւիւ Կը Վերադառնայ Առանց Սուրիոյ Հետ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.