Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կ՛ուզէ Թրքերէնը Համաշխարհային Լեզու Դարձնել

February 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքերէնը պէտք է միջազգային հաղորդակցութեան լեզուներէն մէկը դառնայ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` 13-դ դարու թուրք գրող Եունուս Էմրէի մահուան 700-րդ տարելիցին նուիրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ձեռնարկին բացման արարողութեան ընթացքին:

«Եունուս Էմրէի մահուան 700-ամեակի առիթով մենք կը սկսինք արշաւի, որ կը կոչուի «Թրքերէնը` համաշխարհային լեզու», ըսած է Էրտողան:

Անոր համաձայն, արշաւը պիտի իրականացուի 2021 թուականի ընթացքին տեղի ունենալիք 224 ձեռնարկներու միջոցով, որոնց պիտի մասնակցին 18 նախարարութիւններ եւ գերատեսչութիւններ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ:

Էրտողան իր խօսքին մէջ շեշտած է թրքերէնը պաշտպանելու, պահպանելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ օտար լեզուներու նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը կը սպառնայ թրքերէնին:

«Հայրենիքը նախ լեզուն կը պաշտպանէ, յետոյ բանակը: Այդ պատճառով մենք պէտք է պահպանենք թրքերէնը: Որովհետեւ մեր լեզուն կը կորսնցնէ իր ազգեցութիւնը, մենք չենք կրնար մեր քաղաքակրթական եւ մշակութային սահմաններուն սահմանափակումը կանխարգիլել քարտէսի վրայ սովորական փոփոխութիւններ կատարելով», շեշտած է Էրտողան:

Նախորդը

«Ռուսիան Սպառնալիք Է ՕԹԱՆ-ի Բոլոր Անդամներուն Համար, Սակայն Մտադիր Ենք Համագործակցիլ Բոլոր Այն Հարցերուն Մէջ, Ուր Հասարակաց Շահ Ունինք» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Յաջորդը

Խրիմի Մէջ Համաթրքութեան Կողմնակիցները Կոչ Կ՛ուղղեն Սպաննելու Ռուսերը

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.