Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փետրուարեան Ապստամբութեան 100-Ամեակի Նշում. «Ապստամբութիւնը Իւրաքանչիւր Ազգի Բնական Իրաւունքն Է»

February 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր տարուան 18 փետրուարին թէ՛ 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան բռնկման վայրերուն մէջ եւ թէ՛ խմբապետներու շիրիմներուն եւ տարբեր յուշակոթողներուն մօտ տեղի կ՛ունենան օրուան խորհուրդին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ գտնուող յուշակոթողը` նուիրուած կացնահարուածներու յիշատակին, այդ վայրերէն մէկն է, ուր 18 փետրուարին այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէութեան ներկայացուցիչներն ու պատմութեան այդ յիշարժան օրը արժեւորող մարդիկ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ մենք կը գտնուէինք նոյն վիճակին մէջ, եւ օրին յայտնուեցան հայրենասէրներ, որոնք կրցան Փետրուարեան ապստամբութեամբ Հայաստանին վերադարձնել ազգային եւ պետական քաղաքականութիւնը:

Զուգահեռներ գծելով ներկայի եւ 100 տարի առաջուան իրադարձութիւններուն միջեւ` Մինասեան հաստատեց. «Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնը եւ զայն շրջապատողները պէտք է հասկանան, որ կարելի չէ նոյնատիպ պայմաններու մէջ դնել ազգապաշտ ուժերը, որոնք ստիպուած պիտի ըլլան դիմելու ապստամբութեան: Ապստամբութիւնը իւրաքանչիւր ազգի բնական իրաւունքն է` հարկադրելու համար որեւէ իշխանութիւն` վերադառնալու իրական ազգային քաղաքականութեան»:

ՀՅԴ-ի անդամ Բագրատ Եսայեան իր կարգին յայտնեց, որ շատ արդիական է Փետրուարեան ապստամբութեան նիւթը` նաեւ այսօրուան տեսանկիւնէն: «Վստահաբար, իշխանութեան եկած ապազգային ուժերը ամէն ինչ պիտի ընեն` վարկաբեկելու համար ամէն ազգային բան: Բայց, եթէ մենք փորձենք վերլուծել, թէ ի՛նչ եղաւ 18 փետրուար 1921-ին, կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ այդպիսի նմանատիպ վարչակարգի մը դէմ, ինչ որ այն ժամանակ հաստատուած էր Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայկական շահին ծառայող ոեւէ անձ այդ օրերուն կը հետապնդուէր, կը ձերբակալուէր եւ կը գնդակահարուէր, իսկ այդ բոլորին դէմ է, որ ոտքի կանգնեցաւ հայ ժողովուրդը:

Ըստ Բ. Եսայեանի, Փետրուարեան ապստամբութիւնը նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ բռնկած միակ ապստամբութիւնն է, որ, թէեւ շատ կարճ ժամանակով, այսուհանդերձ, տուեալ երկրին մէջ տապալած է խորհրդային կարգերը:

 

Նախորդը

Զախարովա Խօսած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մասին

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Փետրուարեան Ապստամբութեան 100-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.