Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սինժարի Դէմ Թրքական Յարձակումի Մը Վերաբերեալ Իրաքեան Զգուշացումներ

February 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սպառնաց զայն ջնջելու կամ շրջանէն դուրս մղելու համար հիւսիսային Իրաքի Սինժար նահանգին վրայ յարձակում գործելու մտադրութեամբ, այնպիսի պահու մը, երբ թրքական զինեալ ուժերը արդէն Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ ՔԱԿ-ի դէմ ապահովական լայնածաւալ արշաւ մը շղթայազերծած են:

Էրտողան յունուարին յայտնած էր, որ իր երկիրը կրնայ միջամտել Սինճարէն վտարելու համար ՔԱԿ-ի անդամները` սպառնալով. «Գիշերուան պահու մը յանկարծ կրնանք գալ»:

Հիւսիսային Իրաքի դէմ թրքական հաւանական յարձակումի մը մասին խօսակցութիւններուն լոյսին տակ իրաքեան Ֆաթհ դաշինքի ղեկավար Հատի Ամերի յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին «գաղտնի սպասարկութիւններու տեղեկութիւններ», որոնց համաձայն, թրքական ուժերը մտադիր են «Սինժար լերան վրայ յարձակում կատարել»:

Ամերի ըսաւ, որ թրքական կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ այդ թշնամական վարմունքը, որ երկու երկիրներու շահերուն չի ծառայեր, այլ անոնց միջեւ յարաբերութիւններուն մեծապէս կը վնասէ, երբ իրաքցիները թրքական կառավարութենէն կը սպասէին իր ուժերը ամբողջութեամբ հեռացնել Պաաշիքայէն կամ անոր վերջերս բռնագրաւած սահմանային գօտիէն:

Ֆաթհ շարժումի ղեկավարը իրաքեան կառավարութեան կոչ ուղղեց իրաքեան հողերուն, իրաքեան զինեալ ուժերուն եւ ժողովրդային աշխարհազօրին վրայ կատարուած որեւէ յարձակում ետ մղելու բոլոր քայլերը որդեգրելու:

Իրաքեան Նուժապա շարժումը իր կարգին իրաքեան կառավարութեան ու խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «այդպիսի ոտնձգութիւններուն դէմ միացեալ ու խիստ կեցուածք որդեգրելու, այլապէս Իրաքի ժողովուրդն ու անոր դիմադրութիւնը պիտի ունենան իրենց ծանօթ կեցուածքը, որ կարող է Աստուծոյ զօրութեամբ դիմակայել բռնագրաւողները եւ զանոնք ետ մղել»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հիւսիսային Իրաքի մէջ «Արծիւի մաքիլ-2» գործողութեան աւարտը յայտարարեց:

Ան ըսաւ, որ ՔԱԿ-ի 50 անդամներու սպանութենէն եւ 50 դիրքերու քանդումէն ետք գործողութիւնը աւարտած է:

Ըստ անոր, գործողութեան ընթացքին երեք թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած:

 

 

Նախորդը

Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին. «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»

Յաջորդը

«Իրան Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Պիտի Հեռանայ Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Պաղտատը Եւ Դամասկոսը Ատիկա Ուզեն» Կ՛ըսէ Վիլայեթի

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.