Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Այվազեան. «Թուրքիան Այլեւս Որեւէ Պատճառ Չունի Սահմանը Փակ Պահելու Հայաստանի Հետ»

February 11, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2021-ին, Ազգային ժողովի նիստին, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին: Սիմոնեան հարցուց` Սիւնիքի հատուածին մէջ պիտի ըլլայ նոյնպիսի՞ շփման գիծ, ինչպիսին եղած է Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանին, թէ՞ պիտի ունենանք այլ տրամաբանութեամբ կառուցուած սահման, ինչպիսին, օրինակ, Թուրքիոյ հետ է:

Սիմոնեան հարցուց, թէ արդեօք Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, բացառութեամբ 10 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի յայտարարութիւններուն, ունի՞ն ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ:

Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան արձագանգեց, թէ ինք տեղեկացուած չէ առանց Ռուսիոյ միջնորդութեան որեւէ փաստաթուղթի մասին: «Բացի յայտարարութիւններէն, որոնք կատարուած են, եւ  փաստաթուղթերէն, որոնք ներկայացուած են, կայ եւս մէկ պայմանաւորուածութիւն` Դաւիթ Բէկ-Գորիս ճամբու հատուածին վերաբերող, քանի որ ճամբան վիճարկելի հատուածներով կ՛անցնէր: Բացի միւս յայտարարութիւններէն` միակ պայմանաւորուածութիւնն է, որմէ տեղեակ եմ», ըսաւ ան:

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ պետական սահմանը փակ պահելու որեւէ պատճառ չի տեսներ: Այս մասին Այվազեան ըսաւ նոյն նիստին, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, պատասխանելով «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը լքած, անկախ պատգամաւոր Գոռ Գէորգեանի հարցումին:

Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին` պատգամաւորը նկատել տուաւ, որ Ռուսիան յայտնած է, թէ Թուրքիան այլեւս գործօն է Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ Կարսի մէջ ռազմափորձեր կը կատարուին, եւ այսօր պէտք է իրական անվտանգային խնդիրներուն անդրադառնալ:

Հարցումին պատասխանեց արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան եւ ընդունեց, որ վիճակը շատ բարդ է, բայց կան կարելիութիւններ եւ իրենց հիմնական նպատակն է ընել ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մթնոլորտը հետզհետէ ամրապնդուի:

Անդրադառնալով Կարսի ռազմափորձերուն` Արա Այվազեան շեշտեց, որ մէկ կողմէ  մտահոգիչ են անոր դրսեւորումները, միւս կողմէ` Թուրքիայէն եկող դիւանագիտական պատգամները:

«Նախ եւ առաջ խօսքը կը վերաբերի անոր, որ այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի հանդէպ կիրարկելու շրջափակումը», յայտարարեց Արա Այվազեան եւ յիշեցուց, որ անիկա առնչուած է Արցախի սթաթիւս քոյին, որ փոխուած է ուժի կիրարկման միջոցով:

Գոռ Գէորգեան նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարը սահմաններու բացման կը մօտենայ իբրեւ դրական երեւոյթ` հեռանկարային առումով, ապա ինք, հաշուի առնելով պատմական փորձառութիւնը, այն կարծիքին է, որ ապաշրջափակումը կրնայ այլ բարդ խնդիրի դէմ յանդիման դնել Հայաստանը, որովհետեւ գործ ունինք Թուրքիոյ հետ:

Արա Այվազեան յայտարարեց, որ ինք չէ ըսած, թէ շրջափակման վերացումը կամ շրջափակումը դրական երեւոյթ է եւ յատուկ կերպով ընդգծած է, որ պէտք է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մթնոլորտ ձեւաւորուի, իսկ ատոր համար բարենպաստ միջավայր պէտք է ստեղծուի` չխախտելով կարմիր գիծերը եւ պետական շահերը:

 

Նախորդը

5 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան

Յաջորդը

ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Գլխաւոր Դատախազի Թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.