Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մասնակցեցաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին:
Ուեհպէ նշեց, որ Գահիրէի մէջ գումարուող արտակարգ այս նիստը կը զուգադիպի միջազգային եւ շրջանային զարգացումներու` հաստատելով, որ տիրող հակասական յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ անհրաժեշտ է վերահաստատել Պաղեստինեան դատին լուծման առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ, որ միջազգային ընտանիքը այդ դատին նկատմամբ յանձնառու մնայ` դէմ դնելով իսրայէլեան մնայուն յամառութեան:
«Իբրեւ արաբ ժողովուրդ մեր միացեալ շահերուն նկատմամբ մեր յանձնառութիւնն ու համագործակցութիւնը շրջանին ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու հիմնասիւներէն է: Պէտք է կատարեալ աշխուժութեամբ գործենք, որպէսզի երաշխաւորենք Պաղեստինեան դատին լուծումը: Առանց պաղեստինեան հողերուն բռնագրաւումին վերջ տալու, պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու եւ անկախ Պաղեստին մը հիմնելու, կարելի չէ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը հաստատել», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Գահիրէի մէջ Ուեհպէ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ: Քննարկուեցան Պաղեստինեան դատին նկատմամբ արաբական երկիրներուն եւ Արաբական լիկային կեցուածքները:
Անոնք համաձայն գտնուեցան այն համոզումին, որ այսօրուան պայմանները ձեռնտու են ընդառաջելու Եգիպտոսի եւ Յորդանանի կողմէ նման արտակարգ նիստ մը նախաձեռնելու եւ Պաղեստինեան դատին նկատմամբ արաբական կեցուածքները վերահաստատելու:
Ուեհպէ եւ Սաֆատի քննարկեցին լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Սաֆատի հաստատեց, որ Յորդանան կը զօրակցի Լիբանանին: Ան Ուեհպէն հրաւիրեց Յորդանան այցելութեան:



