Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Մոսիեան. «Պատասխանատուութիւն Պիտի Կրէք, Թող Ոչ Մէկը Կասկածի»

February 6, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 փետրուարին տեղի ունեցած Արցախի Ազգային ժողովի հերթական նիստին Հաշուեքննիչ պալատի նախագահի ընտրութեան հարցի քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:

Ան նշեց, թէ յոյս ունէր, որ այս աղէտալի պատերազմէն ետք մարդոց մտածելակերպին մէջ որոշ փոփոխութիւն կը կատարուի, սակայն, ցաւօք, ատիկա նկատելի չէ` աւելցնելով, որ Ազգային ժողովին կողմէ քննարկուող, սահմանադրական մարմին հանդիսացող Հաշուեքննիչ պալատի նախագահի ընտրութիւնը պէտք չէ թեթեւի առնել:

Մոսիեանի համաձայն, ներկայիս կը նկատուի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ձեռամբ պետական հաստատութիւններու կազմաքանդման գործընթաց, որ կը վերաբերի նաեւ դատախազութեան եւ հաշուեքննիչ պալատին, որ սկզբունքով  անկախ մարմին էր, կազմուած` տարբեր խմբակցութիւններու կողմէ առաջադրուած թեկնածուներէ: Սակայն ներկայիս սկսած է գործընթաց մը, որ կը միտի զայն եւս վերածել կառավարութեան կցորդի: «Ուժերու այս յարաբերակցութեան պարագային Ազգային ժողովը կը զրկուի կողմնակի կարծիք ունենալու իրաւունքէ», դիտել տուաւ ան:

«Իշխանութիւններու ապաշնորհ, ապիկար քաղաքականութեան պատճառով ունեցանք հարիւրաւոր զոհեր, տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներ, հայրենիքի կորուստ, 35.000 տեղահանուած, գերիներ: Բայց մտածելակերպին մէջ ոչ մէկ բան փոխուած է: Ամպիոնէն կը յայտարարուի` մենք մեծամասնութիւն ենք, կը կրենք պատասխանաուութիւն: Վստահաբար, պիտի կրէք պատասխանատուութիւն, թող ոչ մէկը կասկածի: Բայց այլ ելոյթներու ժամանակ կ՛ըսեն` մենք բոլորս դաւաճան ենք, մենք բոլորս մեղաւոր ենք: Ամէն մէկ արտայայտութիւն իր հետեւանքը կ՛ունենայ», նշեց Մոսիեան:

Խմբակցութեան ղեկավարը դիտել տուաւ, որ հաշուեքննիչ պալատը կոչուած է հսկողութիւն իրականացնելու կառավարութեան գործունէութեան վրայ, իսկ անոր անկախութիւնը խլելու փորձը կասկածներու դուռ կը բանայ:

Ասկէ մեկնելով` Արթուր Մոսիեան դիմեց իր պաշտօնակիցներուն` ամենայն լրջութեամբ վերաբերելու քուէարկութեան: «Ամէն քուէարկութիւն պատասխանատուութիւն է, ձեր վրայ մի՛ վերցնէք ուրիշներուն կատարածին պատասխանատուութիւնը: Սահմանադրական մարմինի նախագահի թեկնածութիւն կը ներկայացուի օրէնքի բացայայտ կոպիտ խախտումներով», ըսաւ Արթուր Մոսիեան:

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Երկրաշարժ. Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Չկան

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեան. «Այն Իշխանութիւնը, Որ Իր Երկիրը Կը Հասցնէ Յանձնուողականութեան, Պարտաւոր Է Հեռանալ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.