Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս Հաւաքականութիւնը»

February 6, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Մատթէոսեան նախ արձանագրեց, որ լեզուի եւ գրականութեան խնդիրներու քննարկումն ու արծարծումը այս օրերուն, տարբեր հանգամանքներ նկատի ունենալով յայտնուած են երկրորդական հարթակի վրայ:

Զեկուցումի իբրեւ նախաբան ան սկսաւ «արեւմտահայ չապրող գրականութիւն կա՞յ» հարցումով: Ապա դոկտ. Մատթէոսեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան արեւմտահայ գրականութեան տուած մահացու հարուածին, այնուհետեւ 1920-ի ֆրանսահայ սերունդի արեւմտահայ գրական երեւոյթին, եւ ապա` 1960-ական թուականներու «Ահեկան» հանդէսին շուրջ համախմբուածներուն եւ սփիւռքահայ գրականութեան մասին:

Հանգրուանային եւ բովանդակային տարբերութիւն ընդգծելով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան միջեւ` դոկտ. Մատթէոսեան նշեց, որ հասարակաց բաժինը արեւմտահայերէնն է:

2012-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հնչեցուցած ահազանգը արեւմտահայերէնի մասին խճողեց սփիւռքահայ հրապարակագրութիւնը, որ ժամանակին մօտեցած էր գեղարուեստական գրականութեան մակարդակին:

Զեկուցաբերը խօսեցաւ ապրող գրականութեան զանազան ձեւերուն մասին` կեդրոնանալով միջավայրերուն ու անոր ներկայացուցած կարեւորութեան վրայ: Զեկուցումին մէջ ներառուած էր նաեւ համացանցային սփիւռքահայ մամուլի այսօրուան երեւոյթը. դոկտ. Մատթէոսեան այս շրջագիծին մէջ համեմատութիւն կատարեց 1980-ին լոյս տեսած օրաթերթերու պարբերականներուն եւ այսօրուան պատկերին միջեւ` վեր առնելով թէ՛ թուային եւ թէ՛ որակական նուազումը:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եզրափակեց. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»:

Զեկուցումին յաջորդեց տարբեր մասնագիտական մօտեցումներ ներառած բովանդակային քննարկում:

 

Նախորդը

Պարո՛ն Եփրեմը…

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Լոքման Սլիմի Սպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.