Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Դիմակայենք Ռուսիոյ Յարձակողական Գործողութիւնները, Չինաստանի Վերելքին Առնչուած Վտանգները, ՏԱՀԵՇ-ը Եւ Համացանցային Յարձակումները» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

January 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է շարք մը հարցերու, ներառեալ Չինաստանի վերելքին առնչուած վտանգները, հաւանական ահաբեկչութիւններու նիւթը, ՕԹԱՆ-ի ջանքերն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ «Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւնները»: ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Փարիզի քաղաքագիտութեան հիմնարկի երիտասարդներու եւ ղեկավարներու միջազգային վեհաժողովին ընթացքին:

«Մենք պէտք է յաղթահարենք մեծաթիւ սպառնալիքներ շարք մը ուղղութիւններէ` ցամաքէն, ծովէն, օդէն եւ համացանցային տարածութենէն: Մեր հակառակորդները մարտահրաւէր կը նետեն մեզի` օգտագործելով ռումբեր եւ օդանաւեր, սակայն նաեւ` համացանցային միջոցներ: Այս աւելի անկանխատեսելի աշխարհին մէջ մենք կանգնած ենք աւելի ինքնահաստատ Ռուսիոյ, ՏԱՀԵՇ-ի պէս դաժան ահաբեկչական խմբաւորումներու, աւելի բարդ համացանցային յարձակումներու, աշխարհաքաղաքական բախումներու մէջ աւելի ուժեղացած Չինաստանի, կարողական վտանգաւոր նոր ճարտարագիտութիւններու, մահացու ժահրերու եւ կլիմակայական փոփոխութեան դէմ: ՕԹԱՆ-ի համար ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ որեւէ սպառնալիքի եւ մարտահրաւէրի: Եւ ասիկա իրականութեան մէջ այն է, ինչ որ մենք կ՛ընենք»:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ դաշնակիցները պէտք է «աւելցնեն պաշտպանական ծախսերը, ներդրումներ կատարեն ժամանակակից կարողութիւններու վրայ եւ ապահովեն ՕԹԱՆ-ի զինեալ ուժերու մարտական պատրաստութիւնը»` արձագանգելու «այնպիսի մարտահրաւէրներու, ինչպիսիք են Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւնները, ահաբեկչութիւնը եւ Չինաստանի վերելքին առնչուած վտանգները»:

Նշենք, որ Սթոլթենպերկ դեկտեմբեր 2020-ին յայտարարած էր, որ Ռուսիան ՕԹԱՆ-ի համար սպառնալիք չի ներկայացներ:

 

Նախորդը

«Պաքուի Եւ Երեւանի Համապատասխան Ջանքերէն Եւ Այլ Երկիրներու Օգնութենէն Բացի, Օգտակար Կը Նկատենք Միջազգային Իրաւասու Կառոյցներու Միացումը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Պլինքըն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուաշինկթընէն Առաջ Վերադառնալու Հիւլէական Համաձայնագիրին Նկատմամբ Յանձնառութեան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.