Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Կը Վերահաստատէ Պայտընի` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Խոստումը

January 25, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն վերահաստատած է նախագահ Ճօ Պայտընի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին զօրակցելու խոստումը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պլինքըն այս մասին ըսած է ծերակուտական Էտ Մարէյի գրաւոր հարցումներուն ի պատասխան:

Պատասխանելով ծերակուտականի հարցումին, թէ արդեօք պաշտօնապէս պիտի ճանչնա՞ն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն` Պլինքըն պատասխանած. «Իբրեւ նախագահի թեկնածու` նախագահ Պայտըն Յիշատակի օրուան իր յայտարարութեան մէջ խոստացաւ զօրակցիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Մեր վարչակազմը պիտի պարտաւորուի գերակայութիւն տալ մարդու իրաւունքներուն եւ ապահովել, որ նման ողբերգութիւն չկրկնուի»:

Թեկնածուին համաձայն, վարչակազմը, պաշտօնին հաստատուելէ ետք, պիտի որոշէ Սպիտակ տան յայտարարութեան ձեւակերպումը` Յիշատակի օրը նշելու համար, եւ պիտի խորհրդակցի Քոնկրեսին հետ այս կարեւոր հարցին վերաբերեալ:

Ծերակուտականը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ աշնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ետք ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ վարչակազմը` Ազրպէյճանի կողմէ պահուող պատերազմական գերիներու անյապաղ վերադարձը ապահովելու համար:

Պլինքըն յիշեցուցած է, թէ ինչպէս նախագահը ըսած է` Միացեալ Նահանգներ պէտք է դիւանագիտական ջանքեր գործադրեն տագնապին տեւական լուծում գտնելու ուղղութեամբ` աշխատելով եւրոպացի գործընկերներու հետ, նաեւ պատերազմական գերիներու վերադարձը խթանելու համար:

«Պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային ես պիտի խթանեմ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը` գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծումը, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ պիտի օգնէ կանխարգիլել նոր պատերազմի բռնկումը», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ասիկա կ՛ենթադրէ Միացեալ Նահանգներու Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացում եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք` երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխարգիլելու համար:

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Հսկեն Երկրին Ամբողջական Փակումին

Յաջորդը

Ինքնաշարժներով Երթ Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.