Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի

January 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 16 յունուար 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեց Կիլիկեան ուխտի աւագ անդամներէն հոգելոյս Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վաղահաս վախճանումը:

Արդարեւ, կիրակի, 17 յունուար 2021-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին վերջին օծման եւ թաղման կարգը`  մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու: Նկատի առնելով «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետութեան երկրի ամբողջական փակման որոշումը, թաղման արարողութեան ներկայ էին միայն հոգելոյս սրբազանին ընտանեկան ու ազգականական պարագաները:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, նախքան սրբազան հօր մարմնին փոխադրութիւնը մայրավանքի յուշարձան-դամբարան, Արամ Ա. կաթողիկոս արտասանեց իր դամբանական խօսքը:

Ան` վկայակոչելով Պօղոս առաքեալին «բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ. Տիմ. 4.7) խօսքը, յայտնեց, որ իսկական բարի պատերազմ մըն էր Մեղրիկ սրբազանին կեանքն ու առաքելութիւնը` ի խնդիր այն աշխատանքներու իրագործման, որոնք բարիք կը բերեն մեր ժողովուրդին եւ կը պայծառացնեն մեր եկեղեցին: «Շուրջ 30 տարիներ այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով իր բարի պատերազմը պատերազմեցաւ Մեղրիկ սրբազանը, մայրավանքին թէ մեր թեմերուն մէջ: Ան իր ստանձնած բոլոր պաշտօնները եւ բոլոր պատասխանատուութիւնները կատարեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, հաւատքով ու սիրով», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառը ապա ընդգծեց հոգելոյս սրբազանին յատկանիշներէն երկուքը` հաւատարմութիւնն ու ծառայասիրութիւնը: Ան ըսաւ, որ Մեղրիկ սրբազանը մինչեւ իր կեանքին վախճանը հաւատարիմ մնաց իր կոչումին` հակառակ կեանքի դժուար պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն, դիտել տալով, որ դիւրին չէ հաւատարիմ մնալ կոչումին, մանաւանդ, երբ կոչումի գիտակցութիւնը անձը կը դնէ ծանր պարտաւորութեան տակ: Մեղրիկ սրբազան հոգեւորականի կոչումի գիտակցութեամբ արժեւորեց իր կեանքը` մնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դաւանած արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն հաւատարիմ, հաստատեց վեհափառը:

Անդրադառնալով սրբազանին ծառայասիրութեան` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, թէ ծառայութիւնը Մեղրիկ սրբազանին արեան մաս կը կազմէր, եւ վախճանեալը չէր կրնար իր կեանքին մէջ վայրկեան մը իսկ անցընել առանց ծառայելու:

«Արդարեւ, սրբազանը իր կեանքը ըմբռնեց ու իրագործեց էապէս որպէս ծառայութիւն: Սիրե՛ց ծառայել եւ ծառայե՛ց սիրելով, հաւատալով ու ամբողջական նուիրումով, որովհետեւ ա՛յս է հոգեւորականին կոչումը, ա՛յս է մանաւանդ անթիլիասակա՛ն ոգին, դաւանանքը ու յանձնառութիւնը իր մէջ կրող հոգեւորականին: Այսպէ՛ս եղաւ Մեղրիկ սրբազան, եւ այսօր ան այս երկրաւոր կեանքէն կը հեռանայ եւ արդարօրէն, Պօղոս առաքեալին բառերով, իր բարի պատերազմը հաւատարիմ ու քաջ կերպով պատերազմած», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հայրապետը խօսքը եզրափակեց` յայտնելով, որ տակաւին շատ բան ունէր տալիք սրբազանը, սակայն մեր կեանքերը Տիրոջ կը պատկանին, իսկ սրբազանը կ՛երթայ, դարձեալ Առաքեալին բառերով, երկինքի վկաներու խումբին միանալու` իբրեւ վկայ, որ աւելի քան 30 տարիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով Քրիստոսի Աւետարանի արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն մասին հաւատարմութեամբ, նուիրումով ու սիրով վկայած:

Ապա, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ միաբանական յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցան գերեզմանի կարգն ու կնքնման արարողութիւնը:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Ստեփան Թոփչեանը

Յաջորդը

Անբասիր ՀՄԸՄ-ականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.