Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Կրնայ Զարգացում Մը Արձանագրուիլ` Հասսան Տիապի Ճիգերուն Շնորհիւ

January 20, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի` փորձելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացում մը արձանագրել:

Հասսան Տիար երէկ յետմիջօրէին այցելեց Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ երկիրը կարիքը ունի քաղաքական համախոհութեան, որ պէտք է գոյանայ խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերուն միջեւ: Ան նշեց, որ մարտահրաւէրներու կառավարութեան կազմութեան արդէն իսկ 12 ամիս անցած է: «Տարի մը, որուն ընթացքին արձանագրուած տագնապները հաւանաբար 12 տարուան ընթացքին չեն արձանագրուած», ըսաւ ան:

Տիապ շեշտեց, որ ինք համաձայնած է Հարիրիի հետ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Լիբանանը հարուածող իրերայաջորդ տագնապները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւել անոր դէմ ծառացող մարտահրաւէրները:

Տիապ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` կեդրոնանալու դրական կէտերուն վրայ, որոնց կարելի եղած էր հասնիլ` կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ: Ան նշեց, որ Հարիրի պատրաստ է բոլորին հետ խորհրդակցելու, որպէսզի օրական դրութեամբ քաղաքացիին դիմագրաւած հարցերը լուծէ:

Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Տիապի այցելութեան համար` նշելով, որ քննարկած են ամէնէն մօտիկ ապագային նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: «Այս իմաստով ես բաց եմ առկայ ամէն տեսակ խորհրդակցութեան, եւ այս մասին իմ կեցուածքս յստակ է», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ Տիապ շնորհակալ գործ կը տանի:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն` Հարիրի կոչ ուղղեց անոնց յանձնառու մնալու բնակարանային մեկուսացման` երաշխաւորելու համար բոլորին ապահովութիւնն ու առողջութիւնը: Ան հաստատեց, որ ինք ջանք չի խնայեր «Քորոնա»-ի ժահրին դէմ պատուաստ ապահովելու` աւելցնելով, որ յաւելեալ ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ` պատուաստները կարելի եղածին չափ արագ Պէյրութ հասցնելու համար:

Պըրրիի Մօտ

Տիապ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Տիապ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ճամբուն վրայ արձանագրուած իրագործումները, ինչպէս նաեւ այն խոչընդոտները, որոնք տակաւին կ՛արգելակեն այդ կառավարութեան կազմութիւնը:

«Ինչպէս միշտ, Պըրրի օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Մեր հանդիպումը դրական էր ու հոյակապ: Այս հանդիպումը պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը», շեշտեց Տիապ:

Նոր կառավարութեան ծնունդը վկայելու մասին լրագրողներուն տուած հարցումին Տիապ պատասխանեց. «Կը ջանանք նոր կառավարութեան մը կազմութեան համար: Դրական կէտերն ու սպիտակ ձեռքերը շատ են, եւ պէտք է լուծել առկայ կարգ մը բացթողումները, որպէսզի կարելի ըլլայ նորակազմ կառավարութիւնը յայտարարել», հաստատեց ան:

Պաապտայի Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

«Նախագահ Աունի մօտ շօշափեցի կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն վերսկսելու պատրաստակամութիւն, ինչպէս էին պարագաները Սաատ Հարիրիի եւ Նեպիհ Պըրրիի տուած այցելութիւններուս ընթացքին:

Կառավարութեան կազմութիւնը քննարկել շարունակելու նպատակով նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է այն ատեն, երբ անոնք յարմար կը գտնեն վերսկսելու իրարու հետ հանդիպումն ու խորհրդակցութիւնը», ըսաւ ան:

Տիապ մաղթեց, որ այդ հանդիպումը ըլլայ մօտալուտ, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

«Բոլորին կատարած այցելութիւններուս ընթացքին շօշափեցի այն իրողութիւնը, որ դրական կէտերն ու իրագործումները աւելի են, քան այն հարցերը, որոնք կլորցուելու կարիք ունեցող քաղաքական սուր անկիւններ են: Բայց եւ այնպէս բոլորին նպատակն է անյապաղ շարունակել կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը», հաստատեց Տիապ:

ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին Տիապին զուգահեռ ճիգեր ի գործ կը դնէ` նոր կառավարութեան կազմութեան նպատակով:

 

Նախորդը

Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.