Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէ՛տք Է

January 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող ամիսներուն մեր կեանքը բաւական լուրջ եւ ցաւոտ ցնցումներէ անցաւ:

2021-ը սկսանք «Քորոնա» ժահրի նոր ալիքով: Ամբողջ աշխարհը ահազանգային վիճակի մէջ է: Մեծ պետութիւնները եթէ անզօր են, ալ ո՛ւր մնաց տնտեսական քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամի մէջ եղող երկիրներու պարագան, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը:

Բոլորս ալ մեր հարազատներէն մէկը կորսնցնելու վտանգին տակ ենք:

Բոլորս ալ մեր սիրելիներուն հանդէպ աւելի զգուշաւոր, աւելի բծախնդիր եւ աւելի խստապահանջ պէտք է ըլլանք:

Աղէտը ահաւոր է: Ցաւը` անխնայ: Հարուածը` անսպասելի: Միակ եւ հիմնական ձեւը պաշտպանուելու` նախազգուշութիւնն է:

Լիբանանահայութիւնը անցնող տարուան ընթացքին արդէն երկու մեծ հարուածներ ստացաւ` տնտեսական տագնապը եւ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: Ասոնց վրայ ծանրօրէն աւելցաւ Արցախի պատերազմը, իսկ հիմա տարին կը սկսինք ցաւոտ կորուստներով:

Պէտք է բոլորս զգուշ ըլլանք: Պէտք է բոլորս հոգ տանինք մեր շրջապատին: Այսօր, փաստօրէն, բոլոր մակարդակներու վրայ մեծ ճգնաժամի մէջ ենք:

Հիւանդանոցներուն մէջ տեղ չկայ: Բժշկական սարքերը սպառած են: Հիւանդատարները հասանելի չեն: Հեռաձայնային բժշկական սպասարկութիւնները բաւական դժուարութեամբ կը գործեն: Վիճակը ահաւոր է:

Եթէ անցնող ամիսներուն Իտալիոյ քաոսային մթնոլորտի մասին կը խօսուէր միայն, այսօր այդ կացութիւնը կը տիրէ հոս, լիբանանեան իրավիճակը Իտալիայէն աւելի ծանր պատկեր մը կը պարզէ արդէն:

Փաստօրէն, տնտեսական տագնապն ու միջազգային նեցուկի պակասն ալ իրենց դերը ունին:

Բայց ամէնէն վտանգաւորն ու վնասակարը ժողովուրդին անպատասխանատու եւ ոչ զգուշաւոր ընթացքն է, որ աւերիչ դերակատարութիւն ունի:

Պետութիւնը որոշած է պետական բոլոր հիւանդանոցները վերածել «Քորոնա»-ի կեդրոններու:

Որոշումը թէեւ ուշացած տրուեցաւ, բայց յուսանք, որ կիրարկումը արագ ըլլայ:

Նախազգուշական բոլոր միջոցառումները պէտք է հետեւողական ըլլան եւ լուրջ:

Այսօր, այս բոլոր դժուարութիւններէն ետք, մենք մարտահրաւէրներ ունինք դիմագրաւելիք: Մեր կառոյցները, դպրոցները, միութիւնները, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները մամուլը, թերթը, ձայնասփիւռը եւ գաղութային բոլոր  հաստատութիւնները բազմաթիւ մակարդակներու վրայ վերակազմակերպման եւ նոր, թափ ու թռիչք տալու մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուին: Ատիկա լաւապէս ընելու համար պէտք է այսօր շատ զգուշ ըլլանք, այս ճգնաժամէն ալ դուրս գանք` մեր ուժերը հաւաքելու, մեր ծրագիրները մշակելու եւ մանաւանդ մեր հաւատքը զօրացնելու համար` այս գաղութի վարդահեղեղ արշալոյսին ի խնդիր:

 

 

Նախորդը

Գահամոլին Սոփեստութիւններէն Ետք` Արցախի Կրած Կորուստները

Յաջորդը

ԳԱԱ-ի Պատմութեան Հիմնարկը Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.