Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յաղթահարելու Համար Բոլոր Տեսակի Աղէտները

January 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական բեմին կապուած իրադարձութիւններու մասին սառեցուած բնութագիրը կարելի է տալ: Տեղապտոյտ բառը այս փուլին ճիշդ բնութագրում չէ, որովհետեւ, թէեւ ապարդիւն, այդուհանդերձ տեղապտոյտը շարժում է:

Քաղաքական անորոշութեան, ֆինանսական եւ տնտեսական  փլուզման ներկայ ընթացքին մէջ, ընթացիկ աշխատանքներ կատարող կառավարութիւնը առողջապահական աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ծրագիրներ կը մշակէ: Այս առումով  հասարակութիւնը անտէր չձգելու եւ պետութեան գործունեայ բաժինի մնացորդացի զօրաշարժն է, որ կ՛արձանագրուի` արդիւնքներու մասին աղօտ կանխատեսումներով:

Ինչ ալ ըլլայ սակայն, տրամաբանութիւնը կը  յուշէ, որ առաւելագոյն սահմանափակումները մարդոց տեղաշարժի, կը թեթեւցնեն կամ յոռեգոյն պարագային կը կայունացնեն վարակակիրներու կտրուկ աճի ընթացքը:

Սննդեղէնի, դեղորայքի եւ կենցաղային տարրական անհրաժեշտութիւններու չգոյութեան վրայ կու գայ աւելնալու հիւանդանոցային բուժման անկարելիութիւնը: Գերյագեցուածութիւնը թոյլ չի տար, որ հիւանդանոցային բուժման կարիք ունեցող վարակակիրներ թէ այլ պատճառով հիւանդանոց առաջնորդուելու պարտադրանքին տակ եղողներ կարենան օգտուիլ մարդկային եւ քաղաքացիական տարրական այս իրաւունքէն:

Քաղաքական բեմի վրայ կը յամենայ անորոշութիւնը: Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խօսակցութեան խնդրայարոյց հատուածներու կամայ-ակամայ սպրդումները վառելանիւթի դեր կ՛ունենան քաղաքական հրդեհներուն վրայ: Եւ քաղաքական հրդեհները համավարակի նման կը տարածուին` շիջումի հեռանկարները մշուշի ետին ձգելով:

Այս բոլորին վրայ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու  միջին բարձրութեամբ թռիչքները յաւելեալ վախի մթնոլորտ կը ստեղծեն քաղաքացիին վրայ: Արդիւնքը` ընկերային, առողջապահական, քաղաքական եւ ապահովական լայնածիր անորոշութիւն:

Հասարակական փապուղիէն դուրս գալու համար հանգրուանային գործողութիւններու  ընդհանուր ծրագիր մը հրամայականի հանգամանք կը ստանայ: Առաջին հերթին պայմանը` հակավարակային բոլոր միջոցառումներու լիարժէք յարգումն է, ամբողջական փակումի ճշդուած կանոններուն հետեւիլը: Համալիբանանեան նման գիտակցական ընդառաջումը կրնայ աւելի ուշ քաղաքական բովանդակութիւն ապահովել:

Համավարակին դէմ պայքարելու պետական-հասարակական համագործակցութիւնը նախ  կրնայ շրջել առողջապահական աղէտի կացութիւնը: Ամբողջական փակումի եւ խստագոյն սահմանափակումներու առումով որոշուած կանոններու գիտակից ընդառաջումը մեծ հաւանականութեամբ կը յաջողի նուազեցնել թիւերը:

Թիւերու նուազումն ու հիւանդանոցներու բնականոն պայմաններու վերադարձը յոյսի ներշնչումի դեր կ՛ունենայ երկրի ապագային նկատմամբ: Խորքին մէջ որովհետեւ փակուած է ոչ թէ հասարակական կեանքը առողջապահական պատճառով միայն, այլ նաեւ` քաղաքականն ու տնտեսականը: Շղթայական տրամաբանութիւնը կրնայ աշխատիլ այս պարագային: Հիմա, ուրեմն, պէտք է անպայման յաղթահարել համավարակային աղէտի առողջապահական հետեւանքները:

Համալիբանանեան յաղթահարումը կրնայ նոր մեկնարկ ապահովել քաղաքական հանգուցալուծումներու: Մարդկային կեանքեր փրկելու պարտադիր այս փորձաքարը դրական նոր միտումներու դուռ կրնայ բանալ, ամբողջական փակումը` բացման տեսանելի ելքերու կրնայ առաջնորդել:

Պետական բաժանմունքներ, իրաւապահ մարմիններ, առողջապահութեան նախարարութիւն, հիւանդանոցներու սենտիքա եւ անշուշտ… ժողովրդային ընդառաջում  ինքնափակուելու գործողութիւններով կացութիւն կրնան շրջել: Համավարակի ծննդավայր Չինաստանը այսօր հպարտութեամբ կը յայտարարէ, որ խնդրոյ առարկայ տարածքը վարակազերծ է արդէն. իսկ այդ բոլորը` վերը նշուած շղթայական գործողութիւններով եւ ժողովրդային երկաթեայ կարգապահութեամբ:

Սահմանափակումները ժամանակաւոր են: Ժամանակաւոր կը դառնան, եթէ նկատի առնուած ժամանակին ընթացքին խստագոյնս կիրարկուին կանոնները: Պետութիւն-քաղաքացիութիւն գիտակցական համագործակցութիւնը առաջադրուած կարճաժամկէտ ծրագիրը իրականացնելէ ետք կրնայ ակնկալուած արդիւնքի օրինակին վրայ անցնիլ քաղաքական հարթութիւն, առաջին հերթին փրկութեան կառավարութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Առողջապահական մարզին մէջ որոշուած գործողութիւններու յաջողութիւնը վստահութեան մթնոլորտ կրնայ յառաջացնել: Կուտակելի այդ վստահութիւնը հիմք կրնայ ծառայել նոր զսպանակումներու:

Աղէտի յաղթահարումը պետութիւն-քաղաքացիութիւն համատեղ գործակցութեամբ պայմանաւորուած է: Իսկ այդ պայմանականութիւնը չի վերաբերիր միայն առողջապահական մարզին:

 

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Աշխատանքներուն, Սկզբունքներուն Մէջ Որեւէ Բան Չէ Փոխուած»

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Խօսքի Ազատութեան Վրայ Աննախադէպ Յարձակումի Կ՛ենթարկուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.