Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կ՛ուզեն Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

January 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը «կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել», ինչպէս նաեւ նշեց, որ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ակնկալութիւն ունի:

Ան խօսքը Թուրքիոյ ուղղելով յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն «գերիշխանութիւնը յարգող բնական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հետ տարակարծիք ըլլալու որեւէ պատճառ չունինք, որեւէ հարց չկայ, եւ այսօր կը տեսնենք, թէ թրքական վերջին ցուցանիշները, ինչպէս` դէպի Եւրոպա բացուիլը, քաջալերական են»:

«Թուրքիայէն Եգիպտոսի նկատմամբ որեւէ դրական ցուցանիշ պիտի ողջունենք, որովհետեւ արաբական իրերահաւասար յարաբերութիւնները Թուրքիոյ շահերէն կը բխին», նշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը:

Քըրքաշ շեշտեց, թէ կ՛ուզեն, որ Անգարան «Իսլամ եղբայրներու հիմնական աջակիցը չըլլայ: Կ՛ուզենք, որ Անգարան արաբական յարաբերութիւններուն մէջ իր ուղղուածութիւնը փոխէ»:

«Ուլայի վեհաժողովը վերջ տուաւ Քաթարի հետ տարակարծութեան», ըսաւ էմիրաթական դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին Ուլայի յայտարարութեան եւ սէուտական ղեկավարութեան նկատմամբ վստահութեան ճամբով Քաթարի հետ տարակարծութեան էջը փակեց», ըսաւ Քըրքաշ:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հարուստ Երկիրները Քննադատած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստանիւթի Հարցին Մէջ «Ազգայնականութիւն» Դրսեւորելու Համար

Յաջորդը

Անգարայէն Պայտընի Նկատմամբ Դժգոհութեան Առաջին Ազդանշանը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.