Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժին պատկանող նաւեր երէկ առաւօտեան Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ գրաւած են հարաւային քորէական դրօշը բարձրացուցած «Հանքոք Չայնա» նաւը` «նաւարկումի կանոնները խախտելուն եւ ջուրերը ապականելուն համար»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նաւը փոխադրուած է իրանեան Հարմազքան նահանգի Պանտար Ապպաս նաւահանգիստ եւ անոր շուրջ դատական թղթածրար պատրաստուած է:
Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ այդ նաւը սէուտական Ժուպէյլ նաւահանգիստէն Հարաւային Քորէա կ՛ուղղուէր, երբ կանգնեցուած է ծովային շրջապատի օրէնքներու իրերայաջորդ խախտումներուն համար:
Ըստ հաղորդագրութեան, նշեալ նաւը բեռնաւորուած էր 7200 թոն էթանոլով, եւ անոր ձերբակալուած անձնակազմին մաս կը կազմեն քորէացիներ, ինտոնեզիացիներ, վիեթնամցիներ եւ միանմարցիներ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուլ պահանջած է ազատ արձակել քարիւղատար նաւը:
Նշենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ արդէն գոյութիւն ունի լարուածութիւնը` Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն հիմամբ Հարաւային Քորէայի կողմէ իրանեան սառեցուած գումարներու գրաւման եւ զանոնք Թեհրանին յանձնել մերժելուն պատճառով:
Իրանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ապտելնասար Համթի անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ Հարաւային Քորէան 7 միլիառ տոլար գրաւած է:
Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրան գրաւած է Քորէայի նաւերէն մէկը, որ քիմիական նիւթ կը փոխադրէր, եւ Թեհրանէն պահանջեց նաւը ազատ արձակել: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին ծովահէնութեան դէմ պայքարի նաւեր ուղարկեց Հորմուզի նեղուց:



