Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Փութինի Բարեկամական Յարաբերութիւնները Օգնած Են Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Լուծումի Հասնելու» Կ՛ըսէ Փեսքով

December 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանումը օգնած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ խաղաղ համաձայնութիւններու հասնելու: Այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա- Քրեմլին-Փութին» ծրագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ռուսիան առանցքային դեր խաղացած է Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու գործին մէջ», յայտնեց ան:

Անոր համաձայն, 2020 թուականին միջազգային ընտանիքը պէտք չէ արտօնէ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ գործօն զինուորական գործողութիւններ:

«Տուեալ պարագային Փութինի պատասխանատու դիրքորոշումը, արիւնահեղութիւնը կանգնեցնելու անոր ջանքերը, որոնք ի հարկէ, սուղ կ՛արժեն, անոնք շատ դժուար է գերագնահատել», աւելցուց Փեսքով:

Ան նշեց, որ այդ հարցը կարելի եղած է լուծել միայն Պաքուի եւ Երեւանի հետ բարի դրացիական ու կառուցողական յարաբերութիւններու պահպանման շնորհիւ, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:

«Մենք ոչ մէկս կը պատկերացնենք ատիկա (ինչ որ պէտք էր Փութին Երեւանին ու Պաքուին ըսէր տագնապը դադրեցնելու համար), որովհետեւ նախագահը իսկապէս անձամբ զբաղած է այդ հարցով եւ օրեր շարունակ հեռաձայնը ձեռքէն վար չէ դրած», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքովի համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եղած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Նախորդը

Արցախի Հարցով Հսկողութեան Կեդրոնին Մէջ Տեղակայուելիք Թուրք Զինուորները Մեկնած Են Ազրպէյճան

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Պիտի Կատարուի Ապրիլ 2021-ին

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.