Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԽԱԲԿԱՆՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

January 24, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրատապ-այժմէական նիւթ  որդեգրած է Անթիլիասի մէջ այսօր սկսող համագումարը: Քրիստոնեայ-իսլամ միջինարեւելեան գոյակցութիւնը հայկական առումով եւս ռազմավարական նշանակութիւն ունի, պարզ այն պատճառով, որ անիկա ուղղակի կը վերաբերի միջինարեւելեան մեր գաղութներու լինելութեան հետ: Իսկ խնդիրը անմիջական կարգով մարտահրաւէրի բնոյթ, խորք եւ իմաստ ունի այս հանգրուանին հայկական գաղութներուն համար:

Համաժողովի կազմակերպման մէջ մեծ է դերակատարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներգրաւուածութիւնը այս համաժողովի կազմակերպման մէջ յաւելեալ կշիռ եւ կարեւորութիւն կ՛ապահովէ նախաձեռնութեան: Վայրը եւս անկասկած յաւելեալ հեղինակութիւն կ՛ապահովէ մեր ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնին, որ նման հրատապ եւ միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան կիզակէտին վրայ յայտնուած հարցով լուծումներու ուղիներու որոնում կը կատարէ:

Կարեւոր է արձանագրել նաեւ, որ համաժողովի մասնակցութեան ձեւաչափը չէ սահմանափակուած միայն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներով, այլեւ երկխօսութեան եւ համատեղ քննարկումի հրաւիրած իսլամ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչները: Խնդիրը, որովհետեւ, ինչպէս ձեւակերպուած նիւթը կը նշէ, ի վերջոյ համագոյակցութեան կը վերաբերի շեշտակիօրէն:

Հայկական առումով նախ որոշ ապահովութիւն եւ հանգստութիւն կը փոխանցէ նման նախաձեռնութիւն մը. եւ ան ալ մեր կեդրոնին մէջ ըլլալով: Տագնապալի գաղութներու պարագային, անորոշութիւնն ու անապահովութիւնը սկսած են մեծ հարցականներու տեղի տալ նոյն այդ շրջաններուն մէջ ապրող համայնքներու ճակատագիրին առումով: Նման նախաձեռնութիւններ դրական առումով ազդեցութիւն կ՛ունենան բարոյահոգեբանական հաւաքական վիճակներու վրայ:

Խնդիրը սակայն զուտ ազգային-համայնքային հարթութեան վրայ չի սահմանափակուիր: Շաբաթ մը առաջ էր միայն, որ Պէյրութ ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումներ կը նախաձեռնէր, անոնց հետ կը խօսէր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պարզած կացութեան մասին, զանոնք հրաւիրելու համար Թուրքիա` իսլամ-քրիստոնեայ ընդլայնուած երկխօսութիւն եւ խորհրդակցութիւն կազմակերպելու համար:

Յայտնապէս այս նիւթը Անգարայի վարիչներուն համար քարոզչաքաղաքական ուղղութեամբ մեծ նշանակութիւն ունէր: Ամիս մը առաջ նոյն Տաւութօղլուն կը բարձրաձայնէր Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ղեկավարները Անգարա հրաւիրելու եւ այնտեղ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ կապուած խնդիրները քննարկելու: Թուրքիոյ համար շահարկելի այս նիւթը յայտնապէս հետեւողական դրսեւորումներ պիտի ունենայ: Իսլամական դիմագիծով այսօրուան իշխանութիւնները մեծ դռնէն շրջան մուտքի իրենց միջոցներէն մէկը ընտրած են նաեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու կամ համայնքներու թղթածրարը եւ ամէն առիթի պիտի բարձրաձայնեն այդ մասին: Թրքական այս քաղաքականութեան վրայ փռուած քողը վերցնելը մեծ ճիգերու չի կարօտիր հակափաստարկներ լոյսին բերելու առումով: Պարզապէս արձանագրենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան թիւ  306 բանաձեւը կը խօսէր նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու ապահովման անհրաժեշտութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներուն իրենց եկեղեցիներն ու կալուածները վերադարձնելու անյետաձգելիութեան մասին:

Հիմա կը ստացուի այնպէս, որ իր երկրին մէջ կրօնական սուր խտրականութիւն կիրարկող Թուրքիան հանդէս կու գայ միջինարեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցիներու ճակատագիրով մտահոգ դիրքերէ եւ կը դիմէ համապատասխան նախաձեռնութիւններու:

Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող համաժողովը պէտք է դիտարկել ուրեմն քաղաքական հայեցակէտերով նաեւ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին միջոցով թրքական նախաձեռնութիւնը  կանխարգիլելու հաւասարազօր արարք է արձանագրուածը, որ կը ծառայէ թրքական քաղաքականութիւնը քողազերծելու աշխատանքին:

Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող այս հանդիպումը աննկատ չ՛անցնիր ինչպէս տեղւոյն թրքական դեսպանատան, այնպէս նաեւ պաշտօնական Անգարային կողմէ: Այստեղ արձանագրուածը բնական միջավայր է, ընկալելի իբրեւ նախաձեռնութիւն, հովանաւորութիւն, մասնակցութեան ձեւաչափ եւ տագնապի լուծման ուղիներ փնտռող ճիշդ ճանապարհ: Անգարայի փորձածը շղարշ է, խաբկանքի քաղաքականութիւն եւ ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման եւ նոր ենթահող շահելու նոր-օսմանականութեան ձեւաւորման ծառայող հերթական գործողութիւն:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼէՅՄԱՆԻ ԵՒ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻԻ

Յաջորդը

ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՄԵՏՎԵՏԵՒ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.