Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կը Յամենան

December 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական, տնտեսական, ապահովական, ելեւմտական, առողջապահական եւ ապրուստի այլազան մարզերու բազմաճիւղ հրատապ տագնապներով կուտակուած երկրի «հեղձուցիչ» մթնոլորտին մէջ, ճիգերը կը շարունակուին յառաջիկայ օրերուն հրապարակելու կառավարութեան կազմի «վերջնական» ցանկը: Այս գծով հակառակ պատկան կողմերու` նախագահ Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած շուտափոյթ լուծման յանգելու նախանձախնդրութեան, փոխադարձ վերապահութիւնները կը շարունակուին, եւ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ ի՛ր ցանկը յայտարարել: Աւելի՛ն, Հարիրիի ներկայացուցած ցանկի «սեւագիր»-ին դիմաց նախագահ Աունի` կառավարութեան «ամբողջական ցանկ»-ի յանձնումը նշանակեալ վարչապետին, մարտահրաւէր մը նկատուեցաւ ի հեճուկս ժողովուրդի օրապահիկի բարելաւման` իրարու դէմ մրցակցող իշխանութեան երկու կարեւոր պետերու հանգամանքներուն գծով:

Իրադարձութիւններու եւ քաղաքական կեցուածքներու տողընդմէջ ընթերցումի լոյսին տակ կը թուի, թէ երկու կողմերն ալ կը փորձեն ժամանակ շահիլ, եւ ի վերջոյ երբ կանաչ լոյսը պարզուի` իրենց ցանկը «պարտադրել» իբրեւ կատարուած իրողութիւն:

Ժան Իվ  Լը Տրիան. «Լիբանան Կ՛ընկղմի»

Խորքին մէջ որքան ալ  ճիգ տարուի երկրի քաղաքական վարքագիծը առաւելագոյն չափով պահելու ինքնուրոյն եւ անկախ, այսուհանդերձ արտաքին միջամտութիւնները անխուսափելի կը դարձնեն արեւելումի կողմնորոշման կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ ձեռնտու չեղող տնտեսական ու նիւթական հզօրանքի կարիքը կողմերը կը մղէ որոշ «սակարկութիւններու եւ զիջումներու»: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի յոռետես յայտարարութիւնը երէկ լոյս տեսած Լը Ֆիկարօ շաբաթաթերթին մէջ, ուր ան Լիբանանը կը նմանցնէ 1912-ին ընկղմած «Թայթանիք» նաւուն եւ կ՛ըսէ. «Լիբանանցիք ամբողջական ինքնաժխտման վիճակի մէջ են եւ անոնք կ՛ընկղմին նոյնիսկ առանց  երաժշտութեան»:

Այս դիտանկիւնէն կարելի է ըմբռնել  տնտեսական կարեւոր օժանդակութիւն եւ նիւթական կոկիկ նպաստ «խոստացող» ֆրանսական «միջամտութեան» կարեւորութիւնը, հոգ չէ թէ նշեալ օժանդակութիւնը իշխանութենէն աւելի ժողովրդային շերտերուն պիտի յանձնուի:

Փաստօրէն գաղտնիք չէ, որ Միջերկրականի ջուրերը վերջերս շեշտակիօրէն Ֆրանսա-Թուրքիա մրցակցութեան հարթակ դարձան` որոշ լարուածութիւն ստեղծելով: Հոսկէ Ֆրանսայի ջանքը` լիբանանեան «պատուհանէն» ինքզինք տեղակայելու Միջերկրականի ափերուն:

Նաեւ կայ Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան վարչամեքենայի ցուցաբերած օժանդակութեան վարքագիծը, որ նոյնքան կարեւոր «սակագին» կը պահանջէ լիբանանեան իշխանութիւններէն (Հըզպալլայի հեռացումը կառավարութեան կազմէն…), այլապէս` արդէն իսկ հրապարակուած քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու դէմ քաղաքական «պատժամիջոցներով»:

Այս միջոցին ինչպէս որ պաշտօնապէս յայտարարուած էր` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանան պիտի այցելէ 22 դեկտեմբերին: Նախ եւ առաջ ան պիտի այցելէ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը եւ ապա Նաքուրայի Տէյր Քիֆա շրջանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանսական ջոկատի հրամանատարութեան հետ: Յաջորդ օրը Մաքրոն պիտի այցելէ նախագահ Աունի եւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու հետ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ: Կը նախատեսուի, որ ան տեսակցի նաեւ ժողովրդային «ընդդիմադիր» խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ապահովական Պայթուցիկ Կացութեան
Մտավախութիւններ

Անկախ երկրին սպառնացող ապահովական ահաբեկչական սպառնալիքներու վտանգէն, անդին ապահովական այլ վտանգ կը սպառնայ ընկերային եւ ժողովրդային առումով: Փաստօրէն, բնակչութեան զանազան շերտերը «զօրաշարժի» մատնուած են` յոյսի նշոյլ մը սպասելով տօնական օրերու նախօրեակին, եթէ ոչ չափահասներուն, գէթ` մանուկներուն համար Կաղանդի համեստ երեկոյ մը մը ապահովելու համար:

Ժողովրդային մասնակի ցոյցերը արդէն իսկ ծայր առած են տարբեր շրջաններու մէջ, տնտեսութեան տոլարացման, ապրանքներու սղաճին, անգործութեան թէ ցած աշխատավարձերու բերումով: Այս ծիրին մէջ երէկ բողոքի ելոյթ մը արձանագրուած է Պեքաայի մէջ, ուր ցուցարարներ որոշ ժամանակով փակեցին Շթորա-Պար Էլիաս մայրուղին:

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հայցերուն Գծով Դատաւորի Եւ Ամբաստանեալներու Միջեւ Գրաւը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Ի Նպաստ Հայրենիքին Օրինակելի Նախաձեռնութեան Մը Առթիւ. Տեսակցութիւն Մը Բժիշկ Շանթ Կարապետեանի Հետ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.