ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ միջադէպ մը երկու ընտանիքներու միջեւ երէկ վերածուեցաւ փոխադարձ զինարձակման` Պաալպեքի Ռաս Այն շրջանին մէջ պատճառելով քանի մը վիրաւորներ: Ապահովական ուժեր փութացին դէպքին վայրը` անդորրութիւնը վերահաստատելու համար:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը զգուշացուց քաղաքացիները ներկայ եղանակին վայրի սունկի գործածութենէն: Արդարեւ, երէկ քանի մը հոգի վայրի սունկ ուտելէ ետք թունաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան: Նշենք, որ նախապէս նման պատճառներով թունաւորուած պարագաներու մահուան նախընթացներ արձանագրուած են Լիբանանի մէջ:
ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ Սարպա շրջանին մէջ մօտ 40-ամեայ պենկալուհիի մը դիակը գտնուած է` կախուած վիճակի մէջ: Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:
ԵՐԿՈՒ ձայնային ռումբեր պայթեցան երէկ Սուրի նահատակաց յուշակոթողին կից գտնուող դրամատան մը մուտքին: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, մէկ հոգի վիրաւորուած է: Ապահովական պատկան ուժեր փութացած են դէպքին վայրը, եւ հետաքննութիւն բացուած է պայթումի թիրախին կամ պատճառներուն բացայայտման գծով: Յանցագործը տեղւոյն վրայ ձերբակալուած է: Անոր մօտ գտնուած է պայթելու պատրաստ երրորդ ձայնային մը:
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ «Նուսրաթ Ալ Աքսա» կազմակերպութեան, պաղեստինեան գաղթակայաններու բնակիչներ երէկ ցոյց մը կազմակերպեցին նահատակաց հրապարակին վրայ` բողոքելով «տոմինօ»-ի քարերու նման հետզհետէ զիջող ու Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման դիմող արաբական կարգ մը երկիրներու դէմ:


