«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Փաշինեանի Գոյութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը
Մեր խորագիրը ներշնչում առած է չեխ հռչակաւոր վիպագիր Միլան Քունտերայի «The Unbearable Lightness of Being» («Գոյութեան անտանելի թեթեւութիւնը») գործէն, որուն բառերը ամբողջական հարազատութեամբ կ’արտացոլացնեն Հայաստանի ներկայ օրերու իրավիճակը:
1984-ին գրուած` Քունտերայի նորավէպին կիզակէտը Փրակայի 1968-ի դէպքերն են, որոնք աւելի ծանօթ են «Փրակայի գարունը» անունով, եւ որոնք վերջ գտան արիւնահեղութեամբ` այդ օրերուն խորհրդային բանակի միջամտութեամբ:
Քունտերա, իւրայատուկ սրամտութեամբ, տիպարներ ստեղծած է, մասնաւորաբար տարբեր ակնոցով կը դիտէ եւ կը քննադատէ գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցչէի գաղափարախօսութիւնը` յաւերժականութեան հայեցակարգի խորիմաստ ծանրութիւնն ու անիմաստ թեթեւութիւնը համեմատելով եւ տիպարներ ստեղծելով:
Այս գիրքին հրատարակութենէն հինգ տարի ետք, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1989-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ այլ տեսակի «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը, այսինքն իշխանափոխութիւն եւ համակարգի փոփոխութիւն` Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, առանց արիւնահեղութեան, այլ` հետեւողական խաղաղ ցոյցերէ ետք:
Այդ անունն էր, որ օգտագործուեցաւ Երեւանի մէջ, ապրիլ-մայիս 2018-ի ցոյցերէն ետք: Պատահեցան բերման ենթարկելու արարքներ, խոշտանգումներ եւ ձերբակալութիւններ, սակայն 1 մարտ 2008-ի արիւնալի դէպքերը չպատահեցան. երկրին այդ օրուան ղեկավարը` Սերժ Սարգսեան, անվերադարձ հեռացաւ բեմահարթակէն` կացութիւն փրկելով:
Այսօր իրադրութիւնները այնպէս մը փոխուած են, որ յեղաշրջողը կը գտնուի յեղաշրջուողի կացութեան մէջ: Եւ ներքին ապահովութեան միեւնոյն ոստիկանները, որոնք մերժած էին բիրտ միջոցներ կիրարկել, այսօր նոյն կացութեան մէջն են: Հրահանգէն բան չէ փոխուած, հրահանգողն է, որ փոխուած է:
Կառչած մնալով աթոռին` իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը կորսնցուցած վարչապետը յայտնապէս գերիրական եւ երեւակայական աշխարհի մը մէջ է. «Ֆէյսպուք»-եան, «Ինսթակրամ»-եան եւ «Թուիթըր»-եան բնագաւառին մէջ խօսքեր, արտայայտութիւններ, մատնանշումներ, նկարներ, սելֆիներ յայտնաբերելով` կը շարունակէ կառչած մնալ իր պաշտօնին, առանց ըմբռնելու, թէ ի՛նչ կը պատահի Երեւանի ճամբաներուն վրայ, սահմանամերձ գիւղերու, Արցախի եւ դեռ աւելի հեռու` Պաքուի մէջ. պատերազմի դաշտերուն ինկած հերոսներու դիակներ եւ գերիներ ցարդ կը մնան անգտանելի: Բնականաբար կ’ուրախանանք` լսելով, որ մատի վրայ հաշուըուող գերիներ վերադարձած են, սակայն Ազրպէյճան այս ողբերգութիւնը եւս վերածած է քաղաքական խաղաքարտի:
Վարչապետը եւ շուրջինները չեն տեսներ, որ դանակը ո՛չ միայն ոսկորին հասած է, այլ սկսած է անդամահատել մարմինը:
Քունտերա իր յիշեալ վէպին մէջ կը գրէ. «Մարդը, որ կը փափաքի լքել իր բնակութեան վայրը, դժբախտ մարդ է»:
Այո՛, անկասկած որ դժբախտ են այդ արցախցիները, որոնք ստիպողաբար լքած են իրենց պապենական հողերը` իբրեւ հետեւանք մութ հաշիւներու եւ «անպաճոյճ» քաղաքականութեան: Պարագան իւրայատուկ է վարչապետ Փաշինեանի դիրքերէն: Ան, հեռանայ պաշտօնէն թէ մնայ վարչապետարանին «վարձակալը», պիտի նկատուի հայոց պատմութեան նորագոյն դժբախտութիւնը:
Հետեւելով Քունտերայի մէկ այլ մտածումին` արձանագրենք (քիչ մը ամփոփելով). հաւանաբար վարչապետ Փաշինեանի նպատակը «աւելի բարձր բան է», պէտք է սպասէ, որ օր մը տառապի գլխապտոյտով մը. գլխապտոյտը մեր ներքեւը տարածուող պարապութեան ձայնն է, որուն դէմ, սարսափահար դարձած, մենք մեզ կը պաշտպանենք:
Կայ աւելին. երբ ուժեղը շատ թոյլ է տկարին վնասելու համար, տկարը պէտք է այնքա՛ն ուժեղ ըլլայ, որ հեռանայ:
Արուեստագէտներ, քաղաքագէտներ, դասախօսներ, դիւանագէտներ, մինչեւ իսկ Հայաստանի այժմու նախագահն ու նախորդները, ժողովուրդէն ստուար թիւ մը, շրջաններու պատասխանատուներ եւ, վերջապէս, երկու կաթողիկոսները կը յորդորեն, որ վարչապետը իր աթոռէն հրաժարի կարելի փութկոտութեամբ` վերջ տալու համար իր անտանելի թեթեւութեան, պարտուած ծանրութեան, նաեւ իր…սնանկ ինքնապաշտպանողականին: