Լիբանանեան շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակագինի բարձրացման ետին կանգնող կողմերու բացայայտման եւ առնչակից ծալքերու քողազերծման գծով դատաւոր Ղատա Աունի մեկնարկած հետաքննութեանց լոյսին տակ, ան լուսաբանական հարցաքննութեան կանչած էր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն: Վերջինս սակայն խուսափեցաւ դատարան ներկայանալէ, եւ անոր պաշտպան փաստաբանը` Շաուքի Քազան գրաւոր բացատրութեամբ յայտնեց, թէ Սալամէ «ապահովական նկատառումներով» պիտի չկարենայ ներկայանալ դատարան` առաջարկելով լուսարձակէ հեռու հանդիպումի ընթացքին ներկայացնել իր տեսակէտը: Դատական աղբիւրներու համաձայն, դատաւոր Ղատա Աուն հասկացողութիւն ցուցաբերած է Սալամէի այս պատճառաբանութեան նկատմամբ:
Նոյն ծիրին մէջ խումբ մը համակիրներ դատաւոր Աունի գրասենեակին մօտերը զօրակցութեան հաւաք մը կազմակերպեցին, իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով դատաւոր Աունի այս «խիզախ» կեցուածքին գծով եւ անոր յորդորեցին շարունակել իր ընթացքը:
Փոխադարձաբար, երէկ երեկոյեան խումբ մը ցուցարարներ «պաշարեցին» Ռիատ Սալամէի Ռապիէի բնակարանը` փորձելով ներս մտնել: Անմիջապէս քաղաքապետական ոստիկան պահակներուն փոխարէն բանակային ուժեր փութացին Սալամէի բնակարանին մուտքը` արգիլելով ցուցարարները ներս մուտք գործելէ: Ցուցարարները կը բողոքէին Սալամէի դէմ` պահանջելով զինք հաշուետուութեան կանչել եւ բացատրութիւն պահանջել ժողովուրդին օրապահիկը արժեզրկած եւ ապրուստը դժուարացուցած տոլարի սակագինի բարձրացման քայլերուն գծով:
Այս գծով կարգ մը տնտեսագէտներ եւ իրաւաբաններ շեշտեցին, որ տակաւին ամերիկեան տոլարներ կը «մաքսանենգուին» Լիբանանէն դուրս Սալամէի «մեղսակցութեամբ», ինչ որ առաւել եւս կը վատթարացնէ այս թնճուկը:



