Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ Միջին Արեւելքը Աւելի Կ՛ապակայունացնէ, Քան Իրանը» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

December 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ Միջին Արեւելքը աւելի կ՛ապակայունացնէ, քան Իրանը: Այս մասին իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով:

«Շրջանի խնդիրը ոչ թէ Իրանի գործունէութիւնն է, այլ երկիրներու միջեւ փոխըմբռնման բացակայութիւնը եւ արաբ-իսրայէլեան եւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապներուն մէջ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը չպահպանելը», յայտնած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը աւելի շա՞տ կ՛ապակայունացնէ տարածաշրջանը, քան Իրանի գործողութիւնները` Միջին Արեւելքի մէջ իր վստահուած անձերուն միջոցով, ինչպիսիք են Եմէնի մէջ հուսիները եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլան, Վիքթորով հակադարձած է այն պնդումին, թէ Իրանը կը ֆինանսաւորէ շիի ահաբեկչական խմբաւորումը:

«Իսրայէլ կը յարձակի Հըզպալլայի վրայ, Հըզպալլան չի յարձակիր Իսրայէլի վրայ», ըսած է ան` նկատի ունենալով Սուրիոյ տարածքին մէջ Իսրայէլի օդուժի գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զէնքի շարասիւններու վրայ յարձակումները:

Հարցազրոյցի ընթացքին դեսպանը նաեւ յայտարարած է. «Իսրայէլ պէտք չէ յարձակումներ կատարէ ՄԱԿ-ի գերիշխան անդամներու տարածքին մէջ»:

Անդրադառնալով «Իրանի կողմէ «հիւլէական գործարք»-ի պայմաններու խախտման», Անաթոլի Վիքթորով յայտարարած է, որ համաձայն չէ այն պնդումներուն հետ, թէ Թեհրանի կողմէ որեւէ խախտում կատարուած է: Անոր համաձայն,` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրէն դուրս գալով առաջին քայլը կատարած է Միացեալ Նահանգները:

Խօսելով այսպէս կոչուած «Աբրահամեան համաձայնագիր»-ներուն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Սուտանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին համաձայնագիրներուն) մասին` Վիքթորով յայտարարած է, որ Ռուսիան կ՛աջակցի այդ համաձայնագիրներուն` ընդգծելով. «Փոխադարձ գործակցութեան որեւէ քայլ ինքնին դրական իրադարձութիւն է»:

«Բայց եւ այնպէս, Իսրայէլ պէտք է խօսի այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հաշուի առնել բոլորին օրինական շահերը եւ ոչ թէ դաշինքներ ու միութիւններ ստեղծել ուրիշին դէմ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրած Է «Հիւսիսային Հոսք-2» Եւ «Թրքական Հոսք» Կազի Խողովակաշարներուն Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացումը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրած Է Թուրքիոյ Դէմ «Էս-400»-ներու Պատճառով Պատժամիջոցներ Հաստատելու Օրինագիծը

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.