Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութիւնը Աւետող Սպիտակ Ծուխին Սպասումով . Հայեացքները Սեւեռած Են Պաապտայի Այսօրուան Հանդիպումին

December 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուի, որ այսօր նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելէ Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին պիտի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմի անուանացանկին սեւագիրը: Նախնական հաւաստի աղբիւրներու կարծիքով` նշեալ սեւագիրը կը բաղկանայ 18 նախարարներու անուանացանկէ, համայնքային համապատասխան դասաւորումով: Այս մասին մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին այսօրուան Աուն-Հարիրի հանդիպումին: Այս ցանկէն նախագահ Աուն իրաւասու պիտի ըլլայ 3 կամ 5 նախարարներու անունները որոշելու: Մնացեալը` խորհրդակցաբար Հարիրիի հետ:

Սակայն կարգ մը կողմեր մտավախութիւն յայտնեցին, որ նշեալ սեւագիրին ներկայացումը կամ անոր գործադրութիւնը կրնայ դարձեալ ձգձգուիլ  տարբեր պատճառներով կամ պատրուակներով: Այս իմաստով  քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրան երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով անհաւանական նկատեց այսօր` չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին կառավարութեան կազմութեան օրինագիծի յայտարարութիւնը: Փաստօրէն, կարգ մը մեկնաբաններու կարծիքով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ կառավարութեան մաս կազմելիք որեւէ կողմին «արտօնել» հիմնական որոշումներու գծով «վեթօ» դնելու լիազօրութիւն ունենալու կարողականութիւն շնորհող «արգելակիչ մէկ երրորդ» ձայնի առանձնաշնորհումը:  Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հաւանական է, որ նախագահ Աուն այսօր նախկին վարչապետ Հարիրիի հետ իր հանդիպումին պահանջէ իր կողմէ նշանակելի եօթը նախարարներու իրաւասութիւնը (փոխան երեքի կամ հինգի): Այս համեմատութիւնը կ՛աւելնայ ըստ նախարարներու թիւի քանակին: Նշեալ «արգելակիչ մէկ երրորդ»-ի կարեւորութիւնը կը շեշտեն մէկէ աւելի կողմեր` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը գտնուի յառաջիկայ խորհրդարանական թէ նախագահական ընտրութիւններու գծով հիմնական որոշումներ տալու հաւանականութեան առջեւ, ուր նոյնքան կարեւոր պիտի ըլլան նոր կազմուելիք կառավարութեան կեցուածքներն ու որոշումները:

Այս մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տեղական թէ արտաքին շրջանակներ աչալուրջ կը հետեւին դէպքերու զարգացումին` իրենց հայեացքները կեդրոնացնելով  Պաապտայի մէջ նախատեսուող այսօրուան Աուն-Հարիրի հանդիպումին վրայ:

Նախորդը

Մէկ Շաբաթէն Աջակցութեան Ամբողջական Տարազ Պատկերացնելու Յոյսով . Պետական Աջակցութեան Վերացման Ընդլայնուած Նիստին Ժողովականները Առաջնահերթ Նկատեցին Քաղաքացիներու Գոյատեւման Տարրական Կարիքներու Հոգածութիւնը

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում. «Միասի՛Ն Փրկենք Մեր Հայրենիքը»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.