Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Մահացած Հիմնադիրներու, Բարերարներու Եւ Անդամներու Յիշատակին

December 7, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

90 տարուան ընթացքին ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն առ յաւէտ բաժնուած եւ երկար տարիներու տեւողութեան ԼՕԽ-ի գործունէութեան կամաւոր կերպով ծառայած երախտաւորներուն յիշատակը յարգելու միտումով, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ:

Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Խորէն քհնյ. Մելքոնեան: Ան իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Աստուածաշունչի հետեւեալ համարը. «Գալով եղբայրասիրութեան, դուք ինքնին Աստուծմէ սորված էք, ինչպէս արդէն գործնապէս այդ սէրը ցոյց կու տաք բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ»: Ան նշեց, որ քրիստոնէութեան գլխաւոր առաքելութիւնը եղբայրասիրութիւնն է, իսկ առանց անոր սիրոյ մասին խօսիլը ունայնութիւն է, որովհետեւ անով կը դրսեւորուի ճշմարիտ սէրը: Եղբայրասիրութիւնը ո՛չ միայն նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւնն է մարդուն, այլ նաեւ մխիթարական խօսքը, չդատելը եւ չնախանձիլն է: Քրիստոս իր ուսուցումով սորվեցուց եղբայրասիրութիւնը: Եղբայրասիրութիւնը ամէնօրեայ տաժանելի աշխատանք է, որով ճշմարիտ քրիստոնեան գոհունակութիւն կրնայ ստանալ: Քահանայ հայրը մասնաւորապէս շեշտեց, որ այսօր աշխարհը մարդը կ՛ուղղէ դէպի եսասիրութիւն, որպէսզի անտարբեր գտնուի իր շրջապատին նկատմամբ: Իսկ քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ սիրտը բանալ մարդոց նկատմամբ, տալ եւ սէր ստանալ: Ան կոչ ուղղեց եղբայրասիրութեան ջատագով մնալ միշտ: Եղբայրասիրութիւնը ոսկիէ օղակ մըն է, որ ծանօթը անծանօթին կը միացնէ:

Քահանայ հայրը անդրադառնալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան յայտնեց, որ եղբայրասիրութեան մարմնացումը կը գտնենք մարդասիրական այս  կազմակերպութեան մէջ, որ սէրէ մղուած է հասնելու համար կարիքաւորին, անտէրին, ծերին: ԼՕԽ-ը իբրեւ միութիւն կը գոյատեւէ, կ՛աջակցի, կը զօրակցի, անյայտ կերպով կը գործէ եղբայրասիրութեան անուան տակ:

Քահանայ հայրը իր քարոզի աւարտին գօտեպնդեց ներկաները` մնալու եղբայրասիրութեան մէջ, որուն շնորհիւ կարելի է ստանալ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ ապրիլ սէրը, որպէսզի ապրինք խաղաղութեան մէջ, տարբեր` այս աշխարհի խաղաղութենէն:

Յընթացս Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան:

Յայտնենք, որ «Քորոնա» համավարակին պատճառով Ս. պատարագը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը առցանց սփռուեցան ԼՕԽ-ի դիմատետրի էջէն:

Յարգա՛նք անոնց խնկելի յիշատակին:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ներքին Կացութեան Ախտաճանաչում

Յաջորդը

«Քիեւի Մէջ Մտադիր Են Տոնպասի Խնդիրը Լուծել Արցախեան Պատերազմին Օրինակով» Կ՛ըսէ Փուշքով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.