Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարրական Նիւթերու Զօրակցութեան Վերացման Գծով . Հայեացքները Կեդրոնացած Են Վարչապետարանի Այսօրուան Նիստին Վրայ

December 7, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս յաճախակիօրէն կը կրկնուէր, թէ մօտերս Կեդրոնական դրամատունը պիտի վերցնէ քաղաքացիներու անհրաժեշտ տարրական նիւթերու պետական զօրակցութեան ֆինանսաւորումը: Այս հարցը մէկէ աւելի հարցականներ եւ մտավախութիւններ յառաջացուց քաղաքացիներուն մօտ, որոնք առանց այդ ալ կը տառապին տնտեսական ու ելեւմտական անցուկ վիճակէ: Խորքին մէջ պետութիւնը, յանձին Կեդրոնական դրամատան, քաղաքացիներուն համար անհրաժեշտ հիմնական չորս մարզերու` դեղորայքի, ալիւրի, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան սակագիներու նիւթական զօրակցութիւն կը տրամադրէ: Սակայն այս «նախաձեռնութիւնը» դադրելու վտանգին մատնուած է, որովհետեւ պետական սնտուկին թէ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարին մէջ բաւարար պիւտճէ չէ մնացած:

Այս գծով հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ ժողովի հրաւիրեց պատկան նախարարները (ելեւմուտքի, տնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ուժանիւթի), Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ ու մասնագէտներ: Սկզբունքով կը նախատեսուի, որ այսօր կէսօրէ ետք գումարուելիք այս նիստին քննարկուին նշեալ զօրակցութեան վերացման կարելիութիւններն ու անոնց հետեւանքները քաղաքացիներու ապրուստի եւ կենցաղային իրավիճակին վրայ: Կը նախատեսուի նաեւ մօտերս գումարել լրացուցիչ երկրորդ ժողով մը, ուր վերջնական ձեւով պիտի բանաձեւուի զօրակցութեան վերացման «ճակատագիրը»:

Այս առիթով ժողովրդային թէ քաղաքական ու մասնագէտ պատասխանատու շրջանակներ իրենց ընդվզումի թէ վերլուծական մեկնաբանութիւնները դրսեւորեցին` շեշտելով քաղաքացիներու ֆիզիքական թէ առողջապահական ապահովութեան պաշտպանութեան հրամայականը: Տնտեսագէտ եւ ելեւմտագէտ փորձագէտներ զգուշացուցին զօրակցութեան վերացման հետեւանքներէն: Ըստ անոնց, զօրակցութեան վերացումը ինքնաբերաբար թռիչք պիտի տայ նշեալ մարզերու սակերու սղաճին եւ ժողովուրդը դարձեալ փողոց պիտի մղէ: Օրինակ, զօրակցութեան վերացումը անհրաժեշտ պիտի դարձնէ ամերիկեան տոլարի պետական պաշտօնական սակագինը 1500 լիբ. ոսկիէն բարձրացնելու 4000 լիբ. ոսկիի (հետեւաբար` տոլարի սեւ շուկայի սակագինի բարձրացման): Նման քայլ մը վառելանիւթի մէկ թիթեղը (20 լիթր) պիտի բարձրացնէ 40-էն 60  հազար լիբ. ոսկիի: Նոյնպէս` քաղաքացիներուն տարրական դեղերու սակագիները պիտի «սաւառնին» բազմապատիկ տարողութեամբ: Այս գծով բժիշկներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ յոյսի նշոյլ մը փորձեց «աւետել»` յիշեցնելով, որ Լիբանանի մէջ կը գործեն դեղերու պատրաստութեան եւ արտադրութեան յատուկ տասնմէկ գործարաններ, որոնց գործունէութեան լաւորակ եւ մասնագիտական ոճը խթանած է եւրոպական ընկերութիւններ, որ լիբանանեան այդ գործարաններուն վստահին իրենց դեղերու արտադրութեան հոլովոյթը:

Նախորդը

Անկախութեան 77-Ամեակին Առիթով «Արզ» Պարտէզին Բացումը Կատարելով` Ռաֆֆուլ. «Լիբանան Սուրբ Հող Է, Եւ Մենք Ծունկի Կու Գանք Միայն Աղօթելու»

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.