Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակուող Ճնշումներու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Կը Փորձէ Հեռու Մնալ Ժխտական Հետեւանքներէ

November 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններ, սպասողական երկունքի մէջ են` ամերիկեան նախագահական ընտրութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ: Փաստօրէն, գրեթէ բոլոր կողմերը կը հետեւին Միացեալ Նահանգներու գործող եւ ընտրեալ նախագահներու որդեգրելիք քայլերուն ժխտական թէ դրական հետեւանքներուն: Ինչպէս ամերիկեան իւրաքանչիւր նախագահական ընտրութենէ ետք, այս անգամ եւս կը նախատեսուի, որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն իր աշխատակազմին հետ նոր ծրագիր եւ նոր աշխատելաձեւ որդեգրէ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ամերիկեան դերակատարութեան գծով:

Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը անմասն չեն այդ «ցուցակէն»` սկսելով լիբանանցի պատասխանատուներու դէմ յայտարարուած պատժամիջոցներու «սեւ ցանկ»-էն մինչեւ հարաւի ծովային սահմանագիծի բանակցութիւնները Իսրայէլի հետ: Այս քայլերը կը դրսեւորուին ուղղակի թէ անուղղակի քաղաքական կամ տնտեսական ճնշումներով, ինչպէս` բարեկարգումներու նախապայմանը տնտեսական օժանդակութեանց վերաշխուժացման համար եւ առնչակից պայմաններ:

Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանեան շրջանակներ չեն ծածկեր իրենց մտավախութիւնը ապահովական «խախտումներու» գծով: Վերջերս Պշարրէի մէջ պատահած դէպքը եւ անոր յաջորդող լիբանանեւսուրիական լարուածութեան ստեղծած մթնոլորտը (գէթ ժողովրդային մակարդակի վրայ) անհաւանական չէ, որ ընդարձակ տարողութիւն ստանայ աւելի լայն ու ղեկավար շրջանակներու տարողութեամբ: Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանցի ղեկավար շրջանակներ մտահոգ են նաեւ Լիբանանի վրայ շրջանային ապահովական դէպքերու ժխտական անդրադարձէն: Փաստօրէն, Լիբանանի մօտիկ անցեալի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շրջանային դէպքեր անպայման իրենց արձագանգը կ՛ունենան լիբանանեան «ճակատ»-ին վրայ:

Կը մնայ, որ սակայն Լիբանանի մէջ այդ դէպքերուն ժխտական հետեւանքներու կամ արձագանգներու «ընկալման» կամ հետեւութեան պարարտ ենթահող չգոյանայ, եւ գէթ այս փուլին Լիբանան կարենայ միակամ կեցուածքով դիմակալել արտաքին մարտահրաւէրները: Հոսկէ` երկրի վարիչներուն եւ յատկապէս նախագահ զօր. Միշել Աունի ճիգերը ներքին ճակատի ամրապնդման ու ներդաշնակութեան գծով: Այդ քայլերու դրսեւորումն էր, օրինակ` նախագահ Աունի վճռակամութիւնը իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարի արծարծման եւ ամբողջացման գծով: Նմանապէս` Ֆրանսայի հետ շարունակուող ճիգերը նոյն առումով կը միտին աշխուժացնել Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան ճիգերը, ուր կը նախատեսուի Լիբանանի յատուկ տնտեսական օժանդակութեան համագումարի կայացումը` Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ:

Այս մթնոլորտին մէջ դարձեալ պատկան շրջանակներ կը փորձեն մեղմացնել լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուող առողջապահական համավարակային «մղձաւանջ»-ի հետեւանքները, առիթ ստեղծելով, որ լիբանանցիք «շունչ առնեն» եւ վերաշխուժացնեն երկրի առանց այդ ալ տեղքայլի մէջ եղող տնտեսական բազկերակը: Հոսկէ` պատկան յանձնախումբի որոշած երթեւեկի թէ գործունէութեան աստիճանական վերաշխուժացման քայլը:

Նմանապէս, երէկ` կիրակի երեկոյեան, Հռոմէն Լիբանան վերադարձած մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին դիմումը Հռոմի պապին` միջամտութեան գծով, կը միտի արտաքին հոգեւոր զօրակցութեան վերաշխուժացումը: Արդարեւ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանի մէջ համակեցութեան ամրապնդման` կոչ ուղղելով միջոցներ որդեգրելու շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն քրիստոնեաներու հեռացման կանխարգիլման գծով:

Այս բոլորը սակայն չեն կասեցներ բարեկարգումի պահանջները, որոնց գծով երէկ կարգ մը ցուցարարներու միացեալ խմբակ մը յայտարարեց, թէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց բողոքի ելոյթները` կոչ ուղղելով երկրի վարիչներուն «հեռանալու» իշխանութենէն, փոխարէնը պատրաստակամութիւն յայտնելով ստանձնելու երկիրը «վարելու» պարտականութիւնը:

Յառաջիկայ շաբաթներու եւ օրերու զարգացումները կրնան որոշ չափով լուսարձակի տակ առնել լիբանանցիներու ակնկալութիւնները եւ առաւել եւս յստակացնել շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքական վարքագիծին որդեգրելիք ուղին:

Նախորդը

Մերժելով Անցեալի Թերացումները Իր Կառավարութեան Վերագրել` Հրաժարեալ Վարչապետ Հասսան Տիապ Մաղթեց, Որ Պէյրութ Շարունակէ Մնալ Լուսաշող Փարոս

Յաջորդը

Չեխիոյ Զինուորական Հետախուզութիւնը Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Վտանգ Կանխատեսած Է

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.