Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Աշխարհի Վրայ Յառաջատար Դեր Պիտի Խաղան. «Ամերիկան Վերադարձած Է. Մարտահրաւէր` Հակառակորդներուն, Համագործակցութիւն` Աւանդական Դաշնակիցներուն Հետ» Կ՛ըսէ Պայտըն

November 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ ամերիկեան յաջորդ վարչակազմը մարտահրաւէր պիտի ուղղէ հակառակորդներուն եւ պիտի չմերժէ դաշնակիցները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ամերիկան վերադարձած է: Աշխարհի վրայ յառաջատար դեր պիտի խաղանք եւ ատկէ ետք պիտի չկանգնինք, պիտի չմերժենք մեր դաշնակիցները, պիտի պաշտպանենք մեր արժէքները», նշած է Պայտըն, որ յաղթող ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու յառաջատար լրատուականներու գնահատականներու համաձայն:

«Ամերիկան պատրաստ է մարտահրաւէր նետելու մեր հակառակորդներուն եւ համագործակցելու մեր աւանդական դաշնակիցներուն հետ: Ամերիկան վերադարձած է», յայտարարած է Պայտըն, այնուհետեւ ներկայացուցած է իր վարչակազմի պաշտօններու հիմնական թեկնածուները, որոնք պատասխանատու պիտի ըլլան արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան համար:

«Անոնք կը մարմնաւորեն իմ հիմնական համոզումներս, ըստ որոնց, Ամերիկան հզօրագոյնն է, երբ իր դաշնակիցներուն հետ կ՛աշխատի: Ընդհանուր առմամբ, այս խումբը վերջին տարիներուն ազգային անվտանգութեան եւ դիւանագիտութեան ոլորտներուն մէջ կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկուն հասած է: Հակառակ անոր որ խումբը անգերազանցելի փորձառութիւն եւ ձեռքբերումներ ունի, անիկա նաեւ կը մերժէ այն գաղափարները, թէ առանց մեր սովորութիւնները փոխելու չենք կրնար դիմակայել հին մտածելակերպի մարտահրաւէրները», նշած է ան:

Նշենք, որ միջազգային շարք մը ղեկավարներ արդէն շնորհաւորած են Պայտընը` նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրելուն համար:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պայտըն յայտնած է, որ Սպիտակ տան ղեկավարի առաջին հարիւր օրը պիտի նուիրէ գաղթի օրէնքի բարեփոխումներուն եւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին: «Ես ներգաղթեալներու մասին օրէնք պիտի ուղարկեմ Ծերակոյտ, որ քաղաքացիութեան համար դուռ պիտի բանայ 11 միլիոն չարձանագրուած մարդու համար», ըսած է Պայտըն «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան աւելցուցած է, որ մտադիր է ջնջել Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշ հրամանագիրներ, որոնք, իր կարծիքով, վնաս հասցուցած են կլիմային եւ մարդոց առողջութեան:

Պայտըն նաեւ տեղեկացուած է, որ հետաքննութեան պիտի չսկսի Թրամփի նկատմամբ, եւ խոստացած է կեդրոնանալ ամերիկեան հասարակութեան` ինքն իր նկատմամբ վստահութեան վերականգնման վրայ:

Միեւնոյն ատեն, ան նշած է, որ իր իշխանութիւնը պիտի չըլլայ «երրորդ նստաշրջանը» Պարաք Օպամայի, որուն նախագահութեան օրերուն ինք 8 տարի վարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնը:

 

Նախորդը

«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պիտի Դառնան Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Երաշխաւորներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Թրքական Կողմին Նախաձեռնութեամբ` Փութին – Էրտողան Հերթական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.